Ղազախստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մարքոս` Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցման Հեղինակ. Ան Նաեւ Վնասուածք Ստացաւ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 32-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Մարքոս Փիցելլիի խումբը` Աքթոպէ, հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր, 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Օրտապասիի:
Փիցելլի 60-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ 78-րդ վայրկեանին 2-րդ կոլին փոխանցումը կատարեց:
Սակայն 84-րդ վայրկեանին վնասուածք մը ստացաւ եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Նշենք, որ այս մրցումին չմասնակցեցաւ Ռոպերթ Արզումանեան` կախակայուած ըլլալուն պատճառով:
Իսկ Արթուր Եդիգարեանի կազմը` Քայրաթ, դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: Ախոյեան հանդիսացաւ Ասթանա:
CATEGORIES Մարզական

