Մակեդոնիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արտակ Տաշեան Նշանակեց Վարտարի Առաջին Կոլը

1109_dashianՄակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին, Վարտար, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մեթալուրկը, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Մրցումին հաշիւը բացաւ դաշտին տիրոջ կազմին մաս կազմող հայ միջնապահ Արտակ Տաշեան:

Վարտարի կազմէն ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Յովհաննէս Համբարձումեան, մինչ անոր խմբակից Արթուր Միրանեան նկատի առնուեցաւ իբրեւ պահեստի մարզիկ:

Նշենք, որ այժմ Վարտար 37 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES