Պասքեթպոլ. «Եուրօ-Լիկա» 2001-ի Ծնունդի Մրցաշարք. Կրանտ Սփոր Աւարտեց Իր Մրցելոյթը

1109_grand-sportՆախորդ շաբաթավերջին Ռուսիոյ մէջ աւարտեցաւ 2001-ի ծնունդ պասքեթպոլի «Եուրօ-լիկա»-ի խաղարկութեան զտումի հանգրուանը:

5-րդ հանգրուանին Հայաստանը այսպիսի մրցաշարքի մը առաջին անգամ ներկայացնող Կրանտ Սփոր խումբը 44-32 արդիւնքով պարտուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի կազմերէն Վասիլէոսթրովսքայէն:

ArmSport.am յայտնեց, որ Կրանտ սփոր, որ պարտուեցաւ նաեւ իր կատարած նախորդ բոլոր մրցումներուն, 5 կէտով եզրափակեց խմբակին վերջին դիրքը` նշանակելով 192 կէտ եւ ստանալով 281 կէտ:

Կրան Սփորէն այդ հինգ մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աղաքարեան (67 կէտ):

Share this Article
CATEGORIES