ՀՄԸՄ Պէյրութ Ներկայ` Պէյրութի Միջազգային 12-րդ Մարաթոնին

1109_Tasjian212-րդ մարաթոնին ներկայ էր նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութը: Զայն կը ներկայացնէր Լեւոն Թաշճեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 12-րդ անգամ ըլլալով:

Լեւոն Թաշճեան վազեց մարաթոնի նշանաբանով` սիրոյ ու խաղաղութեան համար:

Լեւոն Թաշճեան 42,195 քմ իր վազքը կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին համար: Ան ընտրած էր 195 թիւը` ի նշան 1915 թուականին:

Լեւոն Թաշճեան 42,195 քմ վազքը աւարտեց 5 ժամ 22 վայրկեան եւ 13 երկվայրկեանէն եւ գրաւեց 5-րդ դիրքը` իր տարիքային խմբաւորման մէջ: Ան ստացաւ մետալն ու վկայականը: Լեւոն Թաշճեան իր յաղթանակը կը նուիրէ Եղեռնի զոհերու անմար յիշատակին: Ի դէպ, երբ Լեւոն Թաշճեան կը վազէր Պուրճ Համուտի մէջէն, հայ ոստիկաններն ու ժողովուրդը ծափողջոյններով եւ խանդավառօրէն կը քաջալերէին զինք:

Share this Article
CATEGORIES