Լիբանանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

1109_hmem--Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն անունները:

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ մրցեցաւ Իժթիմահիի դէմ, 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Թէեւ Իժթիմահի Ա. կիսախաղը աւարտեց իր գերակայութեամբ` նշանակելով 2 կոլ, սակայն Բ. կիսախաղին մրցումը ընթացաւ ՀՄԸՄ-ի ամբողջական տիրապետութեան տակ:

55-րդ վայրկեանին Խաժակ Սինանեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը, մինչ 80-րդ վայրկեանին Գէորգ Օհանեան` երկրորդը, նոյնինքն Սինանեանի հետ 1-2 մը կատարելէ ետք:

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ գտնուեցաւ բաւական անբախտ, որովհետեւ եթէ Բ. կիսախաղին ներկայացած բազմաթիւ առիթները կոլի վերածուէին, ՀՄԸՄ ինք պիտի ըլլար յաղթականը:

Նշենք սակայն, որ ՀՄԸՄ-էն կը բացակայէին երեք հիմնական մարզիկներ` բերդապահ Յարութ Սարգիս, միջնապահ Սերժ Չաքըրեան եւ յառաջապահ Մամաս Քէհէեան:

Այժմ բաժակի մրցաշարքը աւարտած ըլլալով ՀՄԸՄ-ի համար, խումբը պէտք է կեդրոնանայ ախոյեանութեան վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES