Մեծաթիւ Մասնակցութիւն` 2014-ի Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնին
Երէկ` կիրակի, 9 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ 2014-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 94 երկիրներու 37,153 վազողներ, ինչ որ նկատուեցաւ մեծաթիւ մասնակցութիւն մը եւ անշուշտ անիկա եղաւ մրցանիշ` ցարդ տեղի ունեցած մարաթոններուն մէջ:
Մարաթոնին, որուն երկարութիւնն էր 42,195 քմ, ներկայ էին նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչը, վարչապետին կինը` Լամա Սալամ, նախկին առաջին տիկին Մունա Էլիաս Հըրաուի, նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ֆետերասիոններու նախագահներ, տարբեր միութիւններու պատասխանատուներ եւ այլ անձեր:
Նշենք, որ տղոց եւ աղջկանց գլխաւոր մարաթոնի մրցումին տիտղոսակիր հանդիսացան եթովպիացիները:
CATEGORIES Մարզական

