Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Անցեալին հետ ձեր կապուած ըլլալը կը տառապեցնէ ձեզ: Անցեալը մոռցուկ նկատեցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարեւոր գործառնութեան մը պիտի սկսիք, որ վերջնական որոշում կը պահանջէ: Ցոյց տուէք ձեր կարողութիւնները:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ պահանջկոտ մի՛ ըլլաք. խնդրեցէք առաջնակարգ եւ կարեւոր պիտոյքները:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տրամադրութեան թեթեւ նուազում մը ունիք. ձեր ոտքերը ամուր կոխեցէք գետին, մի՛ յուսահատիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Առողջ մնալու համար ձեր կատարած սննդառութիւնը, երկար ժամանակի կը կարօտի. մի՛ լքէք այս պատուէրը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ինքնավստահութեան պակասը ունիք: Ականջ տուէք ձեր մերձաւորներուն, որոնք ձեր բարիքը կ՛ուզեն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ բարեփոխութիւն մը կրնայ ուշանալ: Ձեր յոյսը մի՛ կտրէք, ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հիմա ժամանակը չէ արտասահման ճամբորդելու, ինչ որ կ՛երազէք: Սպասեցէք աւելի յարմար առիթի:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օգտակար խրատներ լսելու տրամադիր չէք: Ժամանակի կը կարօտի, համբերատար եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ոմանց գէշ տրամադրութիւնը երեւան պիտի գայ, եւ այսուհետեւ պիտի գիտնաք ինչպէս վարուիք անոնց հետ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բարձր տրամադրութիւն ունիք, բայց նոյն ատեն պէտք է ճանչնաք ձեր տկար կողմերը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Առաջարկներ պիտի ունենաք սիրոյ վերաբերեալ, բայց ձեր զգացումները շատ յստակ չեն:

Share this Article
CATEGORIES