50 Տարի Առաջ (11 Նոյեմբեր 1964)

Ապրումներ

 

Հո՜ղ Սրբազան

 

Բարեկամ մը, Հայաստան այցելութենէն վերադարձին, ինծի յանձնեց փոքրիկ ծրար մը.

– Ա՛ռ,- ըսաւ, հայրենիքէն լաւագոյն նուէրը, զոր կրնայի բերել քեզի. ափ մը Հայաստանի հող:

Հայաստանի հո՜ղ: Պանդուխտ հայուն անսգիւտ գանձ, իղձերուն անհաս երազ…

Անհուն շնորհակալութեամբ, գրեթէ յափշտակեցի բարեկամէս այս ծրարը:

Ու ահա, սեղանիս վրայ դրած` երկա՜ր երկար կը դիտեմ այս գորշ հողը. կարօ՜տ ունիմ. սերունդներ անբախտ տենչացեր են անոր տեսքին եւ անմուրազ գերեզմանուեր: Ու ի՜նչ մեծ բախտ ինծի համար. կը փորձեմ մատներովս գգուել ու համտեսել. բայց անբացատրելի, երկիւղած զգացում մը կ՛արգիլէ: Խանդավառութիւնս կը փոխուի իրատես դատողութեան. այո՛, ինծի այնպէս կը թուի, թէ այս սուրբ մասունքը սա պահուս ինծի նման սրբացած պանդուխտ մըն է. ու խղճահար կը նայիմ այս անլեզու հողին, որ մայր հողէն կտրուած, տարագրուած է ապա հեռաւոր ու անծանօթ ափերու:

Չեն հարցուցած իրեն, չեն հարցուցած վշտահար մօրը եւ զայն պոկած ու բերած են ուրախացնելու համար հայրենի հողին կարօտ հոգի մը:

Ա՜հ, վշտահար Մա՛յր Հայաստան, կարծես թշնամիներուդ յափշտակած հողերուն մռմուռը չբաւէր սրտիդ, ահա քու զաւակներդ ալ, թէկուզ անգիտակցաբար, կը պոկեն քու ունեցած քիչէն ու կը տանին հեռու աշխարհներ:

Ուշադիր կը նայիմ այս տարագիր հողին. արդեօք ինչպիսի պանծալի կամ ողբերգական դէպքերու լուռ  վկան է ան, ո՜վ գիտէ, նախապատմական շրջաններէն ի վեր քանի՜ քանի անգամներ ան մէկ մասնիկը կազմած է շքեղ պալատներու թէ հայրենիքի պաշտպանութեան համար կառուցուող բերդերու. արդեօք քանի՜ քանի՛ սերունդներու հորովէլն է ունկնդրեր, քանի՛ սիրող սրտերու վարդ ու մեխակ է սնուցեր: Ո՜վ գիտէ, առանց այս ափ մը հողին Հայկ Նահապետ թերեւս պիտի չունենար բռնակալ Բէլը հարուածելու լաւագոյն դիրքը… Գուցէ այս նոյնինքն աճիւնն է դիւցազնի մը, որ անարդարօրէն կը զրկուի իր հայրենի հանգիստ քունէն: Ո՜վ, անհունութիւն… սրբութիւն սրբոց է այս ափ մը հողը, որուն ամէն մէկ հատիկը մատեաններու խորհուրդը կ՛ամփոփէ իր մէջ, որուն վատ կամեցողին երկինք ու երկիր կ՛անիծեն:

Ու ահա այս գանձը, այժմ պարպուած իր ուժէն ու իմաստէն, բանտուած է նայլընէ ծրարի մը մէջ… Երեւակայել, որ ա՛լ պիտի չպաշտպանէ հայ մանուկի դողդոջ փորձերն քալելու, պիտի երբեք չարգասաւորուի իբրեւ այգի ու բուրաստան, մանաւանդ կարելիութիւնը պիտի չունենայ օր մը, պայծառ օր մը դարձեալ ողջունելու դիւցազնական արմէններուն կերտած անմարելի Նոր Արշալոյսը… Ափսո՜ս:

Ո՜չ, ո՛չ. Մա՜յր իմ Հայաստան, կարօտ հոգիս քեզմէ պոկուած մասունքով մը չէ, որ պիտի սփոփուի. ո՛չ, հազա՛ր անգամ ոչ, այլ` քու վէրքերդ ի սպառ բուժուած տեսնելու կամքիս յաղթանակով: Ու ահա ծնկաչոք կ՛երդնում այս լուռ բայց անցեալ ու գալիք դարերու կենդանի վկայ ՀՈՂԻՆ առջեւ. կ՛երդնում մա՜յր, վերադարձնել քեզի այս սուրբ հողը եւ ոչ միայն այո, այլ կեանքիս գերագոյն նպատակը թող ըլլայ ինծի հետ քեզի ընծայ բերել այն մի՛ւս սրտահատորներդ` Վանը, Կարսը, Նախիջեւանը, Ղարաբաղը, Արարա՛տը. բոլո՜րը բոլո՜րը, միայն թէ վսեմ ու անմահ մնաս, խինդ ու պարով յաւերժ ցնծաս, անգի՛ն գոհար իմ Հայաստան:

ԿԱՐՕ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES