Նիւ Եորքի Հայ Համայնքը Զօրավիգ Կը Կանգնի Սուրիահայութեան

ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ-ԵԱՐԱԼԵԱՆ

1027_New-yorkԵրկուշաբթի, հոկտեմբեր 27-ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հաւատացեալները առիթ ունեցան հանդիպելու Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին եւ ունկնդրելու սուրիահայութեան այսօրուան պատկերի մասին անոր ներկայացուցած զեկոյցը: Հանդիպումը կազմակերպած էին Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցին եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութիւնը:

Բարի գալուստի եւ հանդիպման նպատակի մասին խօսք արտասանեց Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան:

Հանդիսավար Մարի Մերտխանեան-Եարալեան անդրադարձաւ սուրիահայ, մասնաւորաբար հալէպահայ գաղութին կենսունակ անցեալին եւ ներկային: Խօսեցաւ հայկական վարժարաններու նեցուկ կանգնելու կարեւորութեան մասին:

Հալէպահայ շրջաններու եւ հայկական վարժարաններու մասին պատրաստուած երիզներ ցուցադրելէ ետք, Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը հնարաւոր մանրամասնութեամբ ներկայացուց այսօրուան պատկերը, սուրիահայութեան եւ հալէպահայութեան դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները, եւ խօսեցաւ զանոնք լուծելու համար կատարուած հաւաքական աշխատանքի մասին: Առանձնապէս ընդգծեց հայկական դպրոցական կառոյցը կենսունակ եւ ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան մէկէ աւելի անգամներ շեշտեց հայու նկարագրի կարեւոր յատկանիշները` աշխատասիրութիւն եւ ստեղծագործ միտք, որոնք մեր գոյատեւման երաշխիքներն են: Սրբազան հօր խօսքը եւ ներկաներու հարցումներուն տուած պատասխանները իրատեսական, պարզ, անմիջական եւ յստակ էին:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսք ուղղեց Շահան սրբազանին եւ հալէպահայութեան եւ ընդգծեց, որ անոնց կեցուածքը մէկ բառով կարելի է ամփոփել` հերոսութիւն:

Հանդիպումին պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ  Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի գլխաւորութեամբ կատարուած նուիրահաւաքով:

Հիւրասիրութեան ընթացքին ներկաները շարունակեցին հարցումներ տալ եւ լուսաբանութիւններ ստանալ հալէպահայ վարժարաններու եւ ընդհանրապէս սուրիահայ գաղութը պահպանելու աշխատանքներուն մասին: Ներկաները յոյսով եւ վստահութեամբ ներշնչուած` մեկնեցան սրահէն:

Հանդիպումին համար խորապէս շնորհակալ ենք  Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին, որ ոչ մէկ ճիգ խնայած էր նուիրահաւաքը յաջողութեան հասցնելու համար:

Շնորհակալութիւն` Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արքեպիսկոպոսին, որ իր օրհնութեամբ հովանաւորած էր երեկոն եւ թեւ ու թիկունք էր Շահան սրբազանին:

Մեծագոյն շնորհակալութիւնը` Շահան սրբազանին, որ պատերազմական Հալէպէն լոյս եւ յոյս բերած էր մեզի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )