Սրուանձտեա՜նց…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

LSH_Srvandsyan-2Իրաւո՛ւնք ունիք: Դժուարահունչ, դժուար հնչուող մականուն մըն է ասիկա:

Բայց կ՛արժէ, որ երբեմն-երբեմն հնչե՛նք այս դժուար մականունը ու յիշատակենք ատոր ետին կանգնած վաստակաւոր կղերականը, որ ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ` ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊՍ. ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑԸ:

1880-ական թուականներուն, Պոլսոյ մէջ, Խրիմեանի, Նարպէյի, Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանի հետ ամէնէն շատ յեղյեղուած անուններէն մին էր Սրուանձտեանց, որ իր ամբողջ հոգին նուիրած էր հեռաւոր ԳԱՒԱՌԻՆ` փրկելու ու գիրի վերածելու համար անոր նիւթական ու աննիւթական անվերջանալի հարստութիւնները, վայրի գեղեցկութիւնները:

Արդարեւ, վանեցի այս զուարթ վարդապետը, որ Խրիմեանին աշակերտած էր Վարագայ վանքին մէջ, մի՛շտ նախընտրեց հեռանալ Վոսփորի «գեղածիծաղ» ափերէն ու երթալ, շնչել գաւառին տոհմիկ օդը… Հոգեւոր պաշտօններ ստանձնեց Վան, ապա` Տարօն (Ս. Կարապետ), ուր խմբագրեց «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթը:

Յետոյ իր երիտասարդական ամբողջ կորովը տրամադրեց ազգագրական, վիճակագրական կամ տեղագրական գրառումներու, ջորիի մը վրայ հեծած` շրջելով գաւառէ գաւառ ու ականջ տալով մեր ժողովուրդին ստեղծած հեքիաթներուն, աւանդութիւններուն, առածներուն, պարերգներուն, դիւցազներգութիւններուն («Սասունցի Դաւիթ»):

Միայն այդքան չէ: Ան համբերութեամբ գրի առաւ մեր հայրենի երկրին (Վասպուրականէն Ակն, Խարբերդէն Բաղէշ եւ Մուշէն Տրապիզոն) բնական, աշխարհագրական ու պատմական գեղեցկութիւններուն մասին իր տեսածները, նկարագրեց լեռներն ու վանքերը, գերեզմանատուներն ու խաչքարերը, հոսող ջուրերը, խուցերու մէջ պահուած ձեռագիր մատեանները, նոյնիսկ` ծաղիկներն ու բուսական աշխարհը: Այլ խօսքով, փրկեց ա՛յն, որ 1915-ին պիտի ոչնչանար ընդմիշտ…

Աշխատասէր բանահաւաք մըն էր, եռանդուն ազգագրագէտ մը, որ գորովանքով կը ժողվէր գաւառի խուլ անկիւնները ծուարած բանահիւսական պատառիկներ ու բացառիկ գոհացում կը զգար իր այդ աշխատանքէն: Քարերուն ու աւերակներուն մէջ մի՛շտ կը փնտռէր հայ հոգին ու երեւան կը հանէր անծանօթ աշխարհի մը անծանօթ գեղեցկութիւնները: Դեռ աւելին, ո՛ւր որ երթար, կը ջանար դպրոց հիմնել այնտեղ, լոյս տարածել, ուսմունք ու կրթութիւն ջամբել:

Շատ կանխահաս մահ մը ունեցաւ Սրուանձտեանց: Հազիւ 52 տարեկան էր ան, երբ կը փակէր իր աչքերը Պոլսոյ Ազգ. հիւանդանոցին մէջ, 1892-ին:

LSH_Srvandsyan-3Իր ետին կը թողուր սակայն ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ վաստակ մը, գիրքերու թանկագին շարք մը, բոլորն ալ տպուած` Պոլիս, 1870-80-ական թուականներուն.  «Թորոս աղբար», «Համով-հոտով», «Մանանայ» եւայլն:

Սա «Թորոս աղբար» անունը, օրինակ, թող չխաբէ ձեզ: Վէպ մը չէ ասիկա: Իր ուղեւորութիւններուն ընթացքին գրի առնուած տեղագրութիւններուն ժողովածուն է անիկա: Եւ մի՛ զարմանաք, եթէ յայտնեմ, որ Թորոս աղբարը անձի մը անունը չէ, այլ` ծովային թռչունի մը անունը…: Իսկ «Համով-հոտով»-ը համն ու հոտն է Հայաստանի հողին ու ջուրին…

Այսօր հաճոյքով կարդացի իր մասին Յակոբ Օշականին արժեւորումները` «Համապատկեր»-ի Դ. հատորին մէջ: Մեծ գրաքննադատը 1920-ական թուականներուն կը գրէր. «Վստահ եմ, թէ հարիւր տարի ետքը մարդիկ շատ դիւրաւ, գրեթէ հաճոյքով պիտի մոռնան թերեւս Ալիշանի ամբողջ գործը (բանաստեղծութիւն), ինչպէս կ՛ընենք այսօր Շնորհալիի տաղաչափեալ մեծ գիրքերուն համար, բայց սրտայոյզ երախտագիտութեամբ պիտի դողդղան Սրուանձտեանցէ փրկուած ամէն մէկ պատառիկի վրայ:… Ի վերջոյ, ո՞վ է գրագէտը, եթէ ոչ ան, որ պա՛հ մը, աշխա՛րհ մը, ոգի՛ մը կը փրկէ: Այս տարազը Սրուանձտեանց կը կրէ մեր մեծ գրողներու բոլոր արժանաւորութեամբը»:

Իր կեանքին վերջին տարիներուն Սրուանձտեանց քարոզիչն էր Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին, ու միաժամանակ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն կը դասաւանդէր Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին մէջ:

Պէյօղլուէն մինչեւ Ղալաթիա` ի՜նչ պատկառելի դէմքեր ունեցեր են մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները…

Հալէպ                     

Share this Article
CATEGORIES