Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Հիւանդ Մարդ» Մը… Նորակառոյց Սպիտակ Տան Մէջ

1111erda-castleԵրկու հարիւր հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն մը, որուն մէջ տեղ գրաւած են շուրջ հազար սենեակներ եւ ենթաբաժանումներ, նաեւ` համակարգչային արդի միջոցներով կատարելագործուած փապուղիի դրութիւն մը: Աւելի քան 350 միլիոն տոլար արժած այս շքեղ համալիրին`  ամրոցին վարձակալն է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Իսկ բացումն ալ կատարուեցաւ հանրապետութեան հռչակման օրը` հոկտեմբեր 29-ին…Իւրայատուկ տօն մը` Թուրքիոյ պատմութեան համար, որ մեծ հանդիսութեամբ կը նշուի 1923-էն ի վեր, երբ Քեմալ Աթաթիւրք ստանձնեց յետօսմանական Թուրքիոյ նախագահութիւնը:

Այդ թուականէն ի վեր 12 նախագահներ ղեկավարած են Թուրքիան եւ բոլորին ալ նստավայրը եղած է Չանքայան, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնը: էրտողանին համար մարտահրաւէր մըն էր այս զեխութիւնը: Վարչապետի պաշտօնէն նախագահի պաշտօն ստանձնել չէր մարտահրաւէրը, այլ խորհրդարանական ժողովրդավարական դրութենէն դուրս եւ իրեն հետ նախագահական պալատ փոխադրելն էր բոլոր կառոյց մը` անշուշտ Չանքայան յանձնելով վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին:

Այսպէս, նախկին նախագահ Կիւլի նման պիտի չղեկավարուի երկիրը, ուր վարչապետը ստանձնած էր գործին առիւծի բաժինը: Ընդհակառակը, միեւնոյն ոճով, եւ շարունակ ձեռք երկարելով, տարիներու իր գործակից Տաւութօղլուի հետ, ան պիտի կատարէ իր պարտականութիւնը:

Նոր պալատը նաեւ մուտք կրնայ գործել մրցանիշներու տեղեկագիտարանին մէջ, նկատի ունենալով որ, այս պալատը իր տարածութեամբ կը գերազանցէ Քրեմլինը եւ Պաքինկհամը, այլ նաեւ նոյնինքն Ուաշինկթընի Սպիտակ տունը: Այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը`. այս վիթխարի ամրոցին անունն ալ Սպիտակ տուն (կամ պալատ) է, այսինքն պահելու համար տեղական գունաւորումը` Աք սարայ կը կոչուի: Այս ալ արտաքին աղբիւրներու օգտագործման` outsource-ի նորագոյն ո՞ճն է:

Սրամիտ ու պարզամիտ եւ յատկապէս ընդդիմադիր միւս թուրքը, իւրայատուկ բառախաղութեամբ մը. այս դղեակին անունը կը բաղդատէ Էրտողանին պատկանած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան` AKP-ի հետ:

Դեռ աւելի՛ն. Արեւելքի Սպիտակ տան կառուցումը կատարուած է` քանդելով լայնատարած կանաչութիւն մը, զայրացնելով բնութենապաշտ տեղական թէ միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք արդէն իսկ անցեալ ամրան Պոլսոյ Կեզի պարտէզի քանդումին եւ վերակառուցման հարցով բաւական մը զբաղցուցած էին Էրտողանն ու իր «անարդար բարգաւաճումներ»-ու թղթածրարը:

Անգարայի մէջ ալ կատարուեցան ցոյցեր, սակայն նոյնքան աղմուկ չստեղծեցին, որքան` Կեզին:

Դեռ հոս չ՛աւարտիր ստորակայութեա՞ն, թէ՞ գերազանցութեան բարդոյթէ տառապող  հիւանդ մարդուն ընթացքը: Պոլսոյ մէջ, Վոսփորի ափին, ան վերակառուցած է դղեակ մը, եւ դեռ վերջերս օժտուած է յատուկ գերարդիական նախագահական օդանաւով մը, որուն արժէքը 200 միլիոն տոլարի կը հասնի…

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )