102 Տարեկան Վերապրող Արշալոյս Մուրատեանը «Էրկիրը» Դարձեալ Տեսնելու Յոյսը Չի Կորսնցներ
«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»
Արշալոյս Մուրատեանը Արարատի մարզի Էջմիածին շրջանի Ակնալիճ գիւղի ամէնէն տարեց բնակիչն է: Ան ծնած է 1912 թուականին, Արեւմտեան Հայաստանի Խնուս շրջանի Գոպալ գիւղը կամ, ինչպէս ինք կը կոչէ, «Էրկրի» մէջ:
«Կը կարծես, մեր կամքո՞վ եկած ենք… Թուրքը յարձակեցաւ, կոտորեց, եկանք այստեղ: Աստուծոյ փառք, ապրեցանք», անցեալի մասին վերյիշումը այսպէս կը սկսի 102 տարեկան կինը, որ երեք եղբայր ունեցած է: Զինք փրկելու համար ծնողները` Եղիազարն ու Նուարդը, դրած են սայլի մը մէջ ու ծածկած` խոտով:
Վերապրող ականատեսը կը յիշէ, որ շատերը երեխաները պահելու, գերութենէն փրկուելու համար ճիշդ այս «հնարամիտ» եղանակը ընտրած են: Ընտանիքը առանց զոհերու հասած է Արեւելեան Հայաստան:
Սկզբնական շրջանին հաստատուած են Ալագեազ գիւղին մէջ, ապա` Ակնալիճի մէջ:
«Հայրս բարձրագոյնը աւարտած մարդ էր: Էրկրի մէջ կ՛ապրէին, էլի՛, սակայն թուրքի տիրապետութեան տակ կ՛ապրէին», կը նկատէ Արշալոյսը` յիշելով եւս մէկ դրուագ, որ ծնողներէն լսած է:
«Թուրքերը քառասուն երիտասարդ նետեցին մարագն ու վառեցին: Շատ դաժան օրեր տեսած են մեր հայերը թուրքի ձեռքէն», կ՛ըսէ տարեց կինը:
1933 թուականին պատմութեան հերոսուհին կ՛ամուսնանայ իր համերկրացի Սահակին հետ, կ՛ունենան տասը երեխայ: Հակառակ կեանքի մէջ տեսած բազմաթիւ դժուարութիւններուն` ինքզինք բախտաւոր կը համարէ: Արշալոյսը իրենց գիւղին մէջ աւելի քան հարիւր երեխայի օգնած է լոյս աշխարհ գալու:
Բացի այդ, ան նաեւ զբաղած է դաշտային աշխատանքներով, բանուորութեամբ:
Գիւղի այսօրուան ամէնէն տարեց բնակիչը կը խոստովանի, որ ուշադրութեան եւ յարգանքի պակաս չի զգար: Հարցին, թէ պիտի ցանկա՞ր երբեւէ վերադառնալ հայրենիք, ականատեսը ունի կարճ պատասխան. «Հիմա ալ տանիս` կ՛երթամ, եկո՛ւր, իրարու հետ երթանք», կ՛առաջարկէ ան: Արշալոյսը վստահ է, որ իրականութիւնը խեղաթիւրուած ներկայացնելու թուրքերու քաղաքականութիւնը երկար կեանք պիտի չունենայ:
Պատմութեան հերոսուհին ունի առողջ ըլլալու իր բանաձեւը: Կտրուկ կերպով կը հրաժարի սուրճէն, քաղցրեղէնէն եւ մսեղէնէն` փոխարէնը նախընտրելով կաթնամթերքը: Իր կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին հաւատքը, անդաւաճան սէրը առ Աստուած: «Ինչպէ՞ս կարելի է Աստուծոյ չհաւատալ», վրդովուած կը նկատէ ան:
Որդիներէն մէկը մէկ տարի առաջ կորսնցուցած է, ինչ որ վիշտ կը պատճառէ տարեց կնոջ: Անոր առօրեան կը լեցուի ուրախութեամբ, երբ այցելութեան կու գայ 80-ը բոլորած դրացուհին` Անահիտը, որուն հետ երկար կը զրուցեն տարբեր հարցերու շուրջ:
Ընտանիքի մեծագոյն անդամին Մուրատեանները շրջապատած են հոգատարութեամբ: Ժպիտով կը պատմեն մեծ մօր` հայկական արտադրութեան ֆիլմաշարերու նկատմամբ սիրոյ մասին: Երեք տարի առաջ ամբողջ գերդաստանով նշած են Արշալոյս մեծ մայրիկին 100-ամեակը, որուն ընթացքին ան երգած է, մինչեւ իսկ` պարած: Ականատեսը շատ կը փափաքի, որ բարութիւնն ու խաղաղութիւնը տիրեն աշխարհի վրայ, երիտասարդներն ալ ըլլան երջանիկ ու առողջ:
Ցեղասպանութենէն վերապրած անձերուն թիւը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ամէնէն շատ Արմաւիրի մարզի մէջ է:

