Ազգային Թաղում Եւ Վերջին Յարգանք` Նախկին Նախարար Եւ Երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի

1110_khanamirian-1Երէկ` երկուշաբթի, 10 նոյեմբեր 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցէն Պուրճ Համուտ բերուեցաւ նախկին նախարար եւ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի դագաղը: Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ յարգանք մատուցուեցաւ հանգուցեալ քաղաքական գործիչին եւ Ազգային բարերարին յիշատակին:

Այնուհետեւ դագաղը փոխադրուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Ազգային թաղում: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յուղարկաւորութեան արարողութեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը ներկայացնէր երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնը, իսկ վարչապետ Թամմամ Սալամը` տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը:

1110_khanamirian-2Ներկայ էին խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, ներկայ եւ նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, քաղաքական գործիչներ, պետական պաշտօնատարներ, պետական կառոյցներու ընդհանուր տնօրէններ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ազգային պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ անդրադարձաւ հանգուցեալ նախկին նախարարին եւ երեսփոխանին հանրային եւ բարեսիրական վաստակին: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ցաւակցագիրը: Ապա Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ցաւակցագիրը կարդաց Տաթեւ արք. Սարգիսեան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ցաւակցագիրը կարդաց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

Յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի դամբանական խօսք արտասանեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ վեր առաւ լիբանանահայ գաղութի կեանքին մէջ Սուրէն Խանամիրեանի բազմավաստակ ներդրումը եւ գործունէութիւնը:

Ապա հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )