Հայաստանի Եւ Արցախի Բանակները Լայնածաւալ Միացեալ Ռազմափորձերու Սկսած Են

1110_Armenia_Artsakh1Հայաստանի եւ Արցախի զինեալ ուժերու  համագործակցութեան ծրագիրին համաձայն, 6 նոյեմբերին սկսած են «Միասնութիւն 2014» մարտավարական լայնածաւալ ռազմափորձերը: Այս մասին ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ ծառայութեան երէկ  տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Միասնութիւն 2014» ռազմափորձերուն մէջ ներառուած են Հայաստանի Հանրապետութեան  զինեալ ուժերու աւելի քան 17000 զինուորներ, 550 միաւոր հրետանային միջոցներ, 250 միաւոր զրահապատ սարքեր, 150 միաւոր հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ, 300 միաւոր հակահրասայլային միջոցներ, 100 միաւոր յատուկ սարքեր եւ աւելի քան 1200 ինքնաշարժ: Ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան ըստ ծրագիրի, ներառուած ստորաբաժանումները պատշաճ կերպով կ՛իրականացնեն առաջադրուած մարտական խնդիրները»,  ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES