Նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն. Այսօր Կը Սկսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը

(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ հայկական թեմերու առաջնորդները Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ երէկ միասնական աղօթք կատարեցին: Ս. Էջմիածինի մէջ 11 նոյեմբերին իր աշխատանքներուն պիտի սկսի Եպիսկոպոսաց ժողովը, որուն քննարկման առանցքին մէջ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցը:
Տարբեր երկիրներու հայոց թեմերու առաջնորդները եւ հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները երկու կաթողիկոսներուն առաջնորդութեամբ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ, որմէ ետք հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին:
«Եպիսկոպոսաց ժողովի աշխատանքներուն սկիզբը ազդարարելու համար եպիսկոպոսաց դասով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելելով` մեր խոնարհումը կը բերենք 1,5 միլիոն նահատակ զաւակներու յիշատակին եւ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի խաղաղ, ապահով կեանքին համար: Տիրոջմէ կը հայցենք, որ Եպիսկոպոսաց ժողովի աշխատանքները Ս. Հոգիի շնորհին ներքեւ ըլլան եւ մեր ժողովուրդին սպասուող ակնկալութիւնները արդարանան` իբրեւ աշխատանքներու արդիւնք», լրագրողներուն յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը վճռական անկիւնադարձ պիտի դառնայ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: «Հարիւր տարիներ մենք յիշեցինք ու յիշեցուցինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին. ժամանակն է, որ պահանջատիրութեան նոր ուժականութիւն եւ գունաւորում տանք: Անցնող ամիսներուն յաճախակիօրէն այս կէտը ես շեշտեցի: Հարիւրամեայ տարելիցին առիթով բաւարար չէ ձեռնարկներ կազմակերպել, յիշել մեր նահատակները: Այդ բոլորը կարեւոր են, անկասկած, բայց ես կը կարծեմ, որ երկու կարեւոր իրադարձութիւններ պէտք է ըլլան 100-ամեայ տարելիցին առիթով», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ան նշեց, որ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը, որ եւ յանձն առած է Հայ առաքելական եկեղեցին: «Փաստօրէն մեր նահատակները մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սրբադասուած են: Մեր ժողովուրդը այդ զոհերը կ՛ընդունի իբրեւ նահատակներ հաւատքի ու հայրենիքի համար, եւ մեր եկեղեցին ժողովուրդին կողմէ արդէն սրբադասուած նահատակները կը ցանկայ կանոնական մօտեցումով սրբադասել: Երկրորդը, ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող արտայայտութիւնները, հանդիսութիւնները, ձեռնարկները պէտք է կարեւորութեամբ շեշտեն մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կեցուածքը: Մենք պահանջատէր ենք, մենք միայն պէտք չէ յիշենք մեր նահատակները, այլ նաեւ պէտք է բարձրացնենք մեր իրաւունքներու վերականգնման հարցը», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ինչ կը վերաբերի Սիսի կաթողիկոսութիւնը վերադարձնելու հարցին, ապա Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են: «Պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ իրաւական դաշտը այնքան ալ դիւրին եւ նպաստաւոր չէ մեր ժողովուրդին համար, սակայն պէտք է հաւաքական ճիգ գործադրենք այս ուղղութեամբ: Միջազգային օրէնքները ի՛նչ կարելիութիւններ որ ընծայեն, այդ բոլորը պէտք է կողք կողքի բերել, ներդաշնակել եւ տեսնել, թէ ի՛նչ գործողութիւններ կրնանք ընել, որ մեր եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածները վերադարձնենք մեր ժողովուրդին եւ եկեղեցիին», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ըստ անոր, նախորդ տարի երկու վեհափառ հայրապետները այս ուղղութեամբ միացեալ յայտարարութիւն կատարած են եւ պահանջած են մեր հազարաւոր եկեղեցիները, մենաստանները, վանքերը, կալուածները ետ վերադարձնել:
Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը տեղի պիտի ունենայ 11-13 նոյեմբերին` Ս. Էջմիածինի մէջ:

