Փութին. «Համաշխարհային Տնտեսութեան Վրայ Տոլարի Ազդեցութիւնը Պիտի Նուազի»

Վլատիմիր Փութին
«Լայֆ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ համաշխարհային տնտեսութեան եւ ուժանիւթի վրայ տոլարի ազդեցութիւնը պիտի նուազի:
Փութինի գնահատումով, ատիկա տեղի պիտի ունենայ այն բանէն ետք, երբ Ռուսիա ու Չինաստան իրենց հաշուարկներն ու վճարումները կատարեն ազգային դրամանիշով` ռուբլիով եւ եուանով: Փութին ըսած է, որ ատիկա վատ պիտի չըլլայ թէ՛ համաշխարհային տնտեսութեան, թէ՛ տոլարին համար:
Փութին այդ եւ այլ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Փեքինի մէջ` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ճափոնի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:
CATEGORIES Միջազգային

