Ազրպէյճանի Ընդդիմութիւնը Հանրահաւաքի Ընթացքին Պահանջած Է Ալիեւի Հրաժարականը

1110_AzerbaijanKontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ ընդդիմադիր Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդ կազմակերպութեան 9 նոյեմբերին կատարած հանրահաւաքին ընթացքին նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաժարականը պահանջող կոչեր հնչած են:

Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլի հանրահաւաքը պատմական որակած է: «Այս պահուս երկրին մէջ կ՛իշխէ չարը: Սովորաբար այսպիսի վարչակարգեր կը խլացնեն ժողովուրդին ձայնը: Սակայն Ազրպէյճանի մէջ, հակառակ ճնշումներուն, ժողովուրդը հրապարակ դուրս եկած է եւ կը բողոքէ չարին դէմ», ըսած է Քերիմլի:

Ան նշած է, որ իշխանութիւնները ճնշումներու միջոցով կը փորձեն հանրութեան ստիպել լռել, սակայն ատիկա չի յաջողիր` հակառակ գործիչներու, լրագրողներու եւ պլոկըրներու ձերբակալութիւններուն:

Ցոյցին ընթացքին պաստառներ պարզուած են Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրին միանալու, ընտրական օրէնսգիրքը փոխելու եւ քաղաքական ճնշումներուն վերջ տալու պահանջներով:

Ցոյցի կազմակերպիչներուն հաւաստումով` հանրահաւաքին մասնակցած է շուրջ 7000 մարդ:

Հանրահաւաքի աւարտին բանաձեւ մը որդեգրուած է հետեւեալ պահանջներով. ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները, դադրեցնել ճնշումները կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու դէմ, ընտրական բարեփոխում կատարել, փոխել ընտրական յանձնախումբի կազմը եւ ուժեղացնել Եւրոպական Միութեան համարկման հոլովոյթը:

Ըստ այնմ, իշխանութիւնները պէտք է յայտարարեն Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրը ստորագրելու մտադրութեան մասին, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտօրէն օգտագործեն քարիւղային պաշարները:

 

Share this Article
CATEGORIES