Սոքրաթիս 2 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

1110_Sokratis«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Պորուսիա Տորթմունտի յետսապահ Սոքրաթիս Փափաթաթոփուլոս, որ նախորդ շաբաթավերջին Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ, 2 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:

Ասիկա կը նշանակէ, որ Սոքրաթիս պիտի բացակայի Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք յաջորդ երկու մրցումներէն. առաջինը` 14 նոյեմբերին, Ֆարօ կղզիներուն դէմ (Եուրօ-2016), իսկ երկրորդը` Սերպիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն (18 նոյեմբեր):

Share this Article
CATEGORIES