«Ֆորմիւլա-1». Աշխարհի Ախոյեանին Անունը Պիտի Յստականայ Վերջին Կրան Փրիին
Նախորդ շաբաթավերջին Պրազիլի մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա 1»-ի 2014-ի աշխարհի ախոյեանութեան 18-րդ եւ տարեշրջանի նախավերջին կրան փրին:
71 լեփնոց այս կրան փրիին, «Մերսետես»-ի երկու վարորդները` Նիքօ Ռոզպըրկ եւ Լուիս Հեմիլթըն, յաջողեցան տուպլէ մը իրագործել` յաջորդաբար գրաւելով առաջին եւ երկրորդ դիրքերը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս փոլ-փոզիշընի մրցումներուն գրաւած էին այդ դիրքերը:
Արձանագրուած այս արդիւնքը պատճառ դարձաւ, որ ախոյեանին անունը վճռուի վերջին` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունենալիք 19-րդ եւ վերջին կրան փրիին` նկատի ունենալով, որ այժմ Հեմիլթըն ունի 334 կէտ, մինչ Ռոզպըրկ` 317 կէտ:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած 18 կրան փրիներուն Հեմիլթըն տասը անգամ գրաւած է առաջին դիրքը, մինչ Ռոզպըրկ` հինգ անգամ:
Իսկ մնացեալ երեքին առաջին հանդիսացած է «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Տանիել Ռիքիարտօ:

