Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Նախապատրաստութիւններուն
Երէկ` երկուշաբթի, 10 նոյեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ իր նախապատրաստութիւններուն` 14 նոյեմբերին Փորթուգալի դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով:
Հաւաքականը գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտի գլխաւորութեամբ, այսօր եւս պիտի կատարէ փորձեր: Վաղը առաւօտուն Հայաստանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը կը մեկնի Փորթուգալի Ֆարօ-լուլէ քաղաքը:
CATEGORIES Մարզական

