50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1964)

Խմբագրական

Մոսկուա Կը Պատասխանէ,
Երեւան Լուռ Կը Մնայ…

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Ճեմալ Էրքինի Մոսկուա այցելութեան առիթով, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 1 նոյեմբեր 1964 թուակիր հեռագիր մը ղրկած էր Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Անաստաս Միկոյեանին եւ նախարարաց խորհուրդի նախագահ Ալեքսի Քոսիկինի` խնդրելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան հետ իրենց բանակցութեանց ընթացքին նկատի ունենան Հայկական հարցը` պահանջելով Թուրքիոյ կողմէ  բռնագրաւուած հողերուն վերադարձը եւ անոնց կցումը հայկական հանրապետութեան»:

Հեռագրին մնացեալ մասը կը շեշտէր «փոքր եւ մարտիրոսացած ժողովուրդի մը արդարագոյն դատին» լուծման բերելիք նպաստը «ժողովուրդներու բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ` Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման»:

Առաջին հերթին յայտնենք, թէ որեւէ հայու իրաւունքն է եւ պարտականութիւնը, առաւել եւս` քաղաքական կազմակերպութեան մը, մշտարծարծ պահել իր ժողովուրդին Դատը եւ պահանջատէր ներկայանալ այն հողերուն, որոնք բռնագրաւուած կը մնան տասնամեակներէ ի վեր:

Հարիւր տարիէ ի վեր հայկական հարցը բազմաթիւ փուլերէ անցաւ: Բարենորոգումներու պահանջէն ետք յանգեցաւ քաղաքական դատի հանգրուանին, երբ Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին Դաշնակիցներու յաղթանակին մեր բերած նպաստը յոյսեր կը ներշնչէր հայ քաղաքական ղեկավարութեան` վերջնականապէս լուծուած տեսնելու հայ ժողովուրդին արդար պահանջներուն խնդիրը:

Անկէ ասդին, խանդավառութիւններն ու յուսախաբութիւնները իրարու յաջորդեցին եւ մեր կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն բերին փորձառութեան պաշար մը, որ միակ նպաստը եղաւ վնասներու մեծութեան դիմաց:

Արդ, հիմա որ Հայ դատի արծարծումը դարձեալ սեղանի վրայ է` ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները պէտք է ջանան առաւելագոյն չափով օգտուիլ փորձառութեան այդ պաշարէն եւ չառնեն քայլեր, որոնք մեծ տէրութիւններուն հասկնալի ու անհասկնալի հաշիւներուն մէջ կը մտնեն եւ ոչ մէկ շահ կ՛ապահովեն մեր հիմնական նպատակին:

Այս պարագային, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կողմէ Հայ դատի արծարծումը իբրեւ այդպիսին գոհունակութիւն պատճառելով հանդերձ, զայն պարագայական առիթի մը կապելու իրողութիւնը մեզ կը դնէ պարտադրանքին առջեւ վերապահութիւններու, որոնց իրաւացիութեան հաստատումը դժբախտաբար չուշացաւ: Կատարուեցաւ այս հասցէէն, որուն ուղղուած էր հեռագիրը:

Արդարեւ, հեռագրի առաքումէն հինգ օր ետք, Մոսկուայի եւ Անգարայի մէջ միաժամանակ կը հրատարակուէր թուրքեւխորհրդային միացեալ զեկոյցը` իբրեւ արդիւնք խորհրդային ղեկավարներու հետ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսակցութիւններուն: Այդ զեկոյցը, թուրքեւխորհրդային յարաբերութիւններու վերաբերեալ իր հատուածով, կը կատարէ այնպիսի հաստատումներ, որոնց մէջ դժուար չէ գտնել ուղղակի պատասխանը նոյեմբերի 1-ի հեռագրին:

«Անկեղծ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւններու ընթացքին, կ՛ըսէ զեկոյցը, քննարկուեցաւ միջազգային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Միութեան փոխ յարաբերութիւնները: Թուրքիան եւ Խորհրդային Միութիւնը համաձայն են, որ ամէն ջանք պէտք է թափուի զօրացնելու համար բարի դրացնութեան իրենց յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են անկախութեան, ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ    եւ իրաւունքներու հաւասարութեան վրայ»:

Միայն երկու բառ առնելով այս հատուածէն («ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»)` կը նկատենք, որ «Իզվեսթիա» որեւէ ատենէ աւելի մեծ հարազատութեամբ կը ցոլացնէր Քրեմլինի տեսակէտը, երբ թրքական հանրապետութեան 41-րդ տարեդարձին առթիւ, հոկտեմբեր 29-ին կը գրէր. «Լենին բարձրօրէն գնահատեց թուրք ժողովուրդին ազատագրական շարժումը, եւ ան յաջողեցաւ վերստանալ իր անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը` ընդդէմ անգլեւֆրանսական գրաւող ուժերուն»:

«Ուշի ուշով» կարդալէ ետք պաշտօնաթերթին այս միտքերը, ռամկավար ազատական կուսակցութեան պաշտօնաթերթը` «Զարթօնք» (չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր) «անախորժ, անճիշդ եւ մտահոգիչ» կը գտնէ զանոնք:

Վստահ ենք, որ նոյն անախորժութիւնն ու մտահոգութիւնը, առաւելագոյն չափով պիտի հաստատուի «Զարթօնք»ին կողմէ, երբ «ուշի ուշով» կարդայ նաեւ քանի մը օր ետք հրատարակուած թուրքեւխորհրդային Միութեան պաշտօնական զեկոյցը:

Հայկական հողերու պահանջին Մոսկուան կը պատասխանէ, իսկ Երեւան լուռ կը մնայ…

Ժամանակակից մեր պատմութեան ընթացքին այդ «անախորժութիւնն ու մտահոգութիւնը» զգացած է հայ ժողովուրդը, հին ու նոր Ռուսիայէն, հին ու նոր Արեւմուտքէն:

Ուրացումներու եւ յուսախաբութիւններու այդ գումարը մեզ պէտք է տանի առաւելագոյն աչալրջութեան եւ ծայրագոյն խոհեմութեան, երբ քայլեր կ՛առնուին մեր Դատին առնչութեամբ, յստակ հասցէագրումներով:

Հայ ժողովուրդը պահանջատէրն է իր հողերուն եւ հայրենիքի ամբողջականութեան ու անկախութեան, եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ  մնալ: Անոր պահանջը ուղղուած է համայն մարդկութեան եւ բոլոր մեծ պետութիւններուն` մէջը հաշուելով նաեւ Ռուսիան, որոնք վճարելի մուրհակներ ունին հայութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES