Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դուք կ՛ուզէք աւելի տեղեկութիւններ ունենալ ձեր ընտանիքին արմատներուն մասին: Հետաքրքրութիւնը զարգացում կ՛ապահովէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բաժնեցէք ձեր փորձառութիւնը ուրիշներու հետ: Ինչ հարցումներ, որ ձեզի ուղղուին պիտի կարենաք անոնց պատասխանել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տնտեսական առումով ապահով վիճակ ունիք, հետեւաբար մտահոգութենէ զերծ պիտի մնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պատեհութիւն մը ձեզ պիտի մղէ արագօրէն յառաջդիմելու: Օրը պիտի անցնի ուրախ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարգ մը աւանդութիւններու հետ կապուած ըլլալը ծանր կը կշռէ ձեր վրայ: Ձերբազատեցէք այս միտքերէն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր հանգստանալու առիթը ապահով է: Օգտուեցէք այս առիթէն ձեր բարեկամներով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կեդրոնացէք պարզ հարցերու վրայ: Ձեր գործերը կատարեցէք մէկ առ մէկ, առանց աճապարելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մեղմ մարզաձեւի մը շնորհիւ պիտի կարենաք գտնել ձեր հանդարտութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր յաջողելու բուռն փափաքը եւ լաւագոյն ապագայ մը կերտելու տենջը մեծ կարողութեան կը կարօտին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Իրաւունք ունիք ուրիշներէն օգնութիւն խնդրելու: Պէտք է օգտուիք տարբեր տուեալներէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի կարենաք ունենալ նորոգիչ քուն մը` փոխելով կարգ մը սովորութիւններ այս իրիկուընէ սկսեալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հանդարտեցնելու համար ձեր յոգնածութիւնը, միակ միջոցը մարզանքն է:

