Հալէպէն Անդին… Վերջին Կիրակին

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Ծովերէն անդին, յիշէ իմ անգին,
Մեր անբախտ սիրոյ վերջին կիրակին»:

Յարութ Պալեան կ՛ողբայ իր կորսուած սէրը:

Ողջ հայութիւնը կ՛ողբայ սուրիահայ գաղութին կորուստի վտանգը:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով հաւաք մը կազմակերպուած է Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ` հայ 3 համայնքներու կղերականներու:

Նախ տեսերիզով  մը կը ցուցադրուին աւերակներու կոյտերու վերածուած Հալէպէն սրտաճմլիկ տեսարաններ, ապա` տեսերիզ մը, որ հպարտութիւն կը պատճառէ:  Հակառակ այս դժուար օրերուն, անտեսելով ռումբերը, վերաբացուած են դպրոցները. փոխադրուած` յարաբերաբար «աւելի ապահով» վայրեր: Նոյն յարկին տակ միասնաբար կը գործեն քանի մը դպրոցներ: Հայ աշակերտներ կը տօնեն Թարգմանչացը` երգ, նուագ, ու պար, մինչ այդ, քանի մը թաղ անդին, ռումբերը կը գոռան եւ … կեանքը կը շարունակուի Հալէպի մէջ, հայկական ոգիով եւ կարեւորագոյնը լաւ օրերու վերսկսման յոյսով:

Այդ աւերակներու մէջ իր ժողովուրդին հետ է Շահան արք. Սարգիսեան: Կը զբաղի ոչ միայն եկեղեցական հարցերով, այլ իբրեւ հովուապետ Բերիոյ շրջանին` ժողովուրդին մէջ է, կ՛այցելէ վնասուած վայրերը, ակումբները, դպրոցներն ու եկեղեցիները: Իր խրախուսական խօսքերով կորովը կը բարձրացնէ հալէպահայութեան, իսկ այսօր, Հալէպէն մեկնելու դժուար պայմանները անտեսելով, հասած է Լոս Անճելըս` իր երախտագիտական զգացումները արտայայտելու ամերիկահայ գաղութին, որ թիկունք կը կանգնի իր տանջուող քոյրերուն ու եղբայրներուն, նաեւ խրախուսելու գաղութի հայութիւնը` գէթ նիւթապէս օգտակար հանդիսանալու սփիւռքի  առաջին գաղութին` հալէպահայութեան: «Մեր նպատակը նոր դպրոցներ ու եկեղեցիներ կառուցել չէ. տակաւին կանուխ է. մեր նպատակն է ոտքի պահել հայ դպրոցը: Ամէն հայ մանուկ կամ պատանի, առանց հարցուփորձի, անվճար կ՛ընդունուի հայ դպրոց. ուսուցիչները պէտք է հատուցուին, ունին իրենց նիւթական դժուարութիւնները»:

Նախապէս չէի հանդիպած սրբազան հօր: Մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ վրաս իր արտայայտուելու ոճը: Ոչ մէկ ճարտասանական աւելորդաբանութիւն: Պարզ խօսակից մըն է, որ կը ներկայացնէ Սուրիոյ գաղութը այնպէս, ինչպէս որ է: Չի զլանար ներկաներուն փոխանցելու գաղութին կորսուելու վտանգը, սակայն միեւնոյն ժամանակ` ոչ մէկ յուսահատական խօսք: Հայը յաճախ ունեցած է դժուար օրեր, սակայն միշտ ալ կրցած է ոտքի կանգնիլ: «Այսօր պատճառ մը չեմ տեսներ, որ հալէպահայը մէկ կողմ նետէ իր վճռակամութեան ոգին»:

Դիւրին բան չէ առաջնորդել գաղութ մը, որ տարիներէ ի վեր պատերազմի դաժան պայմաններուն տակ կը մարտնչի: Բնակարաններ փուլ եկած են, ունեցած ենք մարդկային կորուստ, անհաշիւ նիւթական վնաս, քայքայուած է հայերու հոգեվիճակը, կորովը: Մեծ թիւով հայեր բռնած են գաղթի ճամբան, շատեր` ժամանակաւոր կերպով Լիբանան հաստատուած, յուսալով մօտիկ ապագային վերադառնալ իրենց տուները, ուրիշներ վերջնականապէս գաղթած` արեւմտեան երկիրներ: Մաս մըն ալ` Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ: Անորոշ է իրենց վիճակը: Մնա՞ն, թէ՞ վերադառնան: Քիչ է թիւը անոնց, որոնք վճռած են մնալ, չգաղթել ու տէր կանգնիլ մեր աննման գաղութին: Շատ բան կը պարտին սրբազան հօր: Իր հօտին հետ է ամէն վայրկեան, կ՛այցելէ դպրոցներն ու ակումբները եւ իր խրախուսիչ խօսքերով կորովը կը բարձրացնէ յուսահատ ժողովուրդին, իսկ այժմ կ՛այցելէ Ամերիկայի արեւմտեան եւ արեւելեան ափերը, ապա կ՛անցնի Քանատա` դրամահաւաքի, թեթեւցնելու համար սուրիահայ գաղութին դիմագրաւած  նիւթական դժուարութիւնները:

Սրբազանին ճամբորդութիւնը դիւրին չէ: Հաճելի արձակուրդի մը համար չէ, որ եկած է այս հեռաւոր ափերը: Ժողովներ, հաւաքներ, անքուն գիշերներ եւ այս բոլորը` ի սէր հալէպահայ գաղութի փրկութեան, անոր գոյապայքարի շարունակութիւնը երաշխաւորելու:

Շահան սրբազան` որպէս շրջանի առաջնորդ, իր ժողովուրդին նման, կ՛ապրի վատ պայմաններու մէջ: Ելեկտրականութեան անվերջանալի ու երկարատեւ ընդհատումներ, ջուրի պակաս, ցուրտ օդին վառելանիւթի չգոյութիւն: «Լոս Անճելըսի մէջ մենք կ՛ապրինք լաւ պայմաններու մէջ, չունինք նման մտահոգութիւններ, ինչ որ ունի Շահան սրբազանը». այս նոյն խօսքը կը լսենք շատ մը կղերականներու բերնէն: Բացարձա՛կ իրականութիւն:

***

Տեսերիզի ցուցադրութիւնը կը շարունակուի: Երեւակայութեամբս կ՛երթամ դէպի անցեալ,  եւ ինքնաբերաբար փուլ եկած շէնքերը կը վերականգնին, ու աչքիս առջեւ կը պարզուի նախկին Հալէպը:

Վերադարձած եմ մանկութեանս, պատանեկութեանս ու երիտասարդութեան տարիներուն:

Գրեթէ ամէն տարի, Զատկուան շրջանին, կ՛այցելէինք Հալէպ, ուր տեղի կ՛ունենային Նաւասարդեան խաղերը: Միջին Արեւելքի տարբեր քաղաքներէն ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, գայլիկներ, արենուշներ ու մարզիկներ կը խուժէին հայահոծ այդ քաղաքը: Հալէպահայը հիւրասէր եղած է միշտ: Ամէն ընտանիք այդ շաբթուան ընթացքին քանի մը հիւր կը պահէր իր տան մէջ: Գայլիկ մը, մարզիկ մը կամ ալ` պարզ այցելու մը: Ոչ ոք պանդոկ կ՛իջեւանէր: Հալէպահայուն համար մեծ ամօթ էր արտօնել, որ այցելու մը պանդոկ իջեւանի: Հալէպահայուն դուռը միշտ բաց եղած է:

Դարձեալ Զատիկ է: «Օթոմոթրիս»-ով գացած ենք Հալէպ:  Կը տեսնեմ Նոր Գիւղի փոշոտ ճամբաները, կողք կողքի քարաշէն երկյարկանի տուները` իրենց բակով ու մառանով: Հասած ենք մեր ազգականին տունը. հարազատ մօրաքոյրս չէ, սակայն մեզի համար «մօրաքոյր» է:

Հալէպի մէջ «հիւր» բառը միայն բառարաններու մէջ կարելի էր գտնել: Ամէն այցելու «տանտէր» էր, հարազատ մը: Ծանօթ էինք ամբողջ թաղեցիներուն: Ամէն անգամ որ Հալէպ այցելէինք, թաղեցիներէն գրեթէ բոլորը «աչքի լոյսի» կու գային  տնեցիներուն: Տուներնին հիւր ունէին, կարելի՞ էր «աչքերնիդ լոյս» չըսել: Հիւր ունենալը պատիւ էր հալէպահայուն համար:

Աւագ ուրբաթ: Կ՛այցելէինք 7 տարբեր եկեղեցիներ: Տակաւին երեխայ էինք, նոյնիսկ չէինք գիտեր իմաստը 7 եկեղեցիներ այցելելու: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մուտքին` հապճեպով «Հայր Մեր» մը, ու կը վազէինք յաջորդ եկեղեցին: Տարիներ անցած են այդ թուականէն, եւ չեմ ալ յիշեր, եթէ Հալէպի մէջ գոյութիւն ունէի՞ն  7 հայկական եկեղեցիներ: Այնքան ալ կարեւոր չէ: Կրնանք ասորիներու կամ յունական եկեղեցի մը այցելել. բոլորն ալ նոյն Աստուծոյ կ՛աղօթեն, բոլորն ալ Յիսուսի չարչարանքը, թաղումն ու ապա յարութիւնը կը նշեն: Աւագ ուրբաթ: Սուրիա, իսլամական քաղաք է, սակայն այդ օր քաղաքի բոլոր գիշերային վայրերը, շարժապատկերի սրահները փակ կ՛ըլլային:  Զատկուան շաբաթը պայման էր Յիսուսի կեանքը ներկայացնող ժապաւէնը դիտել: Անգիր սորված էինք Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւնն ու յարութիւն առնելը, սակայն կարծես անգիր օրէնք դարձած էր ամէն տարի կրկին դիտել բազմիցս տեսած այդ ժապաւէնը: Ուրբաթ կէսօրին բոլոր գործատեղերը կը փակէին, միայն փուռերն էին, որ մեղուի փեթակի տպաւորութիւն կը ձգէին: Տանտիկինները, հսկայ ափսէներու մէջ լեցուցած, խմորը կը տանէին փուռ` վայելելու համար «Զատկուայ քեխքէ»-ները:

Կիրակիի «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»-էն ետք կը սկսէին հաւկթախաղերը: Ամէն կողմ երեխայ, երիտասարդ թէ տարեց, դէմը մէկը առած` հաւկիթ կոտրելու ջանք մը ունէր, կարծես հաւկիթներու ճակատամարտ մը ըլլար:

Երկուշաբթի, մեռելոց:

Գործատեղերը դարձեալ փակ էին: Ամէն մարդ իր տօնական զգեստները հագած, նախ կ՛այցելէր գերեզմանատուն` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեզմէ յաւերժ բաժնուած հարազատներուն, ապա անպայման պիտի այցելէին իրենց ԲՈԼՈՐ ազգականներուն, հայրենակիցներուն ու բարեկամներուն տուները` Զատիկ շնորհաւորելու:

Յաջորդ կիրակի` Նաւասարդեան տողանցք:

Հազարաւոր մարդիկ, մեծով պզտիկով դաշտն էին: Առջեւէն կը  տողանցէր Հալէպի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որուն կը հետեւէին մարզիկները, արենուշներն ու գայլիկները: Իսկական Նաւասարդեան տօն էր այդ օր:

Յաջորդող օրերուն ամէն այցելու կը վերադառնար Լիբանան` դարձեալ Հալէպ այցելելու որոշումով:

* * *

60- ականներու սկիզբը սուրիահայերը դժուար օրեր ապրեցան քաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով, եւ մեծ թիւով սուրիահայեր հաստատուեցան Լիբանան: Լիբանանահայ  գաղութը աւելի բարգաւաճեցաւ, հայութեան թիւը բազմապատկուեցաւ: Ուսուցիչներու, կուսակցական գործիչներու ու մտաւորականներու բանակ մը ողողեց Լիբանանը, սակայն չտկարացաւ հալէպահայ գաղութը: Լիբանան հաստատուած հալէպահայերէն միշտ նոյն խօսքը կը լսէինք, «Ա՜խ, մեր Հալէպը տարբեր է», սակայն ոչ ոք մտածեց վերադառնալ իր ծննդավայրը:

Տարիներ ու տասնամեակներ իրարու կը յաջորդեն: Հալէպի մէջ Նաւասարդեան շաբաթը լոկ յիշատակ մնացած է: Մեր ազգականին այլեւս չենք այցելեր:

Մանկութեան ու պատանեկութեանս տարիներուն կը յաջորդէ երիտասարդութեան տարիներս: Յաճախ կ՛այցելեմ Հալէպ, սակայն` ո՛չ ընտանիքովս: Նուագախումբի ընկերներուս հետ կ՛այցելենք յայտնի երաժիշտ Վաչէ Երամեանին, որպէսզի մեր ձայնագրելիք երգերուն երաժշտական դաշնաւորումները կատարէ: Տակաւին աչքիս առջեւ է Վաչէ Երամեանին բնակարանը. հրշէջներուն ճիշդ դէմի շէնքը: Այդ ժամանակ հրշէջները «ճանճ կը քշէին»: Հրդեհ գրեթէ չկար, իսկ այսօր վստահաբար այդ նոյն հրշէջները բազմազբաղ են գիշեր ցերեկ, շաբաթը 7 օր, տարին 365 օր: Մեր սիրելի բարեկամը` Վաչէ Երամեան, մեզի ծանօթացուցած էր հալէպահայ կարգ մը երաժիշտներու, որոնք բոլորն ալ անխտիր իր աշակետները եղած են: Մեզ կը հրաւիրեն իրենց աշխատած գիշերային վայրերէն մէկը: Գիշերային վայրեր ամէն տեղ կարելի է գտնել, սակայն Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ճաշարան-պարտէզը իւրայատուկ է. կը նախընտրենք հոն անցընել մեր ժամանակը` հայերով շրջապատուած:

Հազիւ ՀՄԸՄ-ի ճաշարան պարտէզէն ներս մտած` տասնեակ մը տղաք կը շրջապատեն Պէյրութէն ժամանած իրենց բարեկամները:

Պէյրութի մէջ  եթէ կուսակցական ընկեր ես, անունիդ առջեւ «ընկեր» մակդիրով կը դիմեն քեզի, եթէ ՀՄԸՄ-ական ես «եղբայր» մակդիրով, սակայն Հալէպի մէջ ոեւէ մէկուն հետ խօսած ժամանակ անպայման «ախպար» մակդիրը կը զետեղեն անունին առաջ:

Գործով Հալէպ գտնուած միջոցիս առիթ կը ստեղծեմ Նոր Գիւղի ազգականիս տունը այցելելու: Պանդոկին առջեւ թաքսիի հայ վարորդէն կը խնդրեմ, որ զիս Նոր Գիւղ հասցնէ: Կը փափաքիմ, որ երաժիշտ ընկերներս հետս գան: Ինքնաշարժին վարորդը  կը յայտնէ, թէ ինքն ալ Նոր Գիւղի բնակիչ է: Ազգականներուս մականունը կու տամ ու կը հարցնեմ, թէ ծանօ՞թ են իրեն: «Ամօ՛թ ըրիր. Նոր Գիւղի բոլոր հայերս իրարու ծանօթ ենք»:

Կը հասնինք ազգականիս տունը եւ «անկոչ հիւրերու» նման` ներս կը մտնենք: Ուրախ են մեր այցելութեան համար, սակայն այս անգամ դրացիներու «աչքերնիդ լոյս»-ի փոխարէն` ծուռ նայուածքներուն միայն կը հանդիպինք: Երաժիշտ ենք, եւ այդ տարիներուն, կարծես անգիր օրէնք դարձած էր, որ երաժիշտները «Պիթըլզ»-ի նման երկար մազեր ունենան. շատեր` նաեւ մօրուք: Այդ մէկը անհանդուրժելի է Նոր Գիւղի հայերուն համար: Իր տան դրան առջեւ նստած տարեց անձ մը նոյնիսկ չի վարանիր պախարակելու մեզ: «Ա՛մօթ ձեզի, ասիկա հայ երիտասարդի կը վայելէ՞»: Նոյնիսկ «մօրաքրոջս» նայուածքը տարբեր է: Հին օրերու ժպիտը չքացած է երեսէն. զարմանք կայ աչքերուն մէջ: Զիս տեսած էր մանկութեանս տարիներուն, իսկ հիմա…

Գաւաթ մը սուրճ առնելէ ետք կը մեկնինք իրենց տունէն` յաջորդ Հալէպ այցելութեան դարձեալ չայցելելու որոշումով:

Տարիները իրարու կը յաջորդեն: Քանի մը տարին անգամ մը երաժշտական գործով կ՛այցելեմ Հալէպ: Մեր երէց բարեկամը` Վաչէ Երամեան հեռացած է այս աշխարհէն: Կը յիշեմ իր տան դէմ գտնուող հրշէջները, եւ մէկ քայլ անդին նշանաւոր «Ֆուլճին», ուր ոչ այնքան մաքուր պնակներու մէջ ախորժակով կը վայելէինք իր պատրաստած ֆուլը:

 

Այդ բոլորը 20-րդ դարու կէսերուն էր: 21-րդ դարու առաջին տասնամեակին «Երազային Հալէպ»-ը վերածուեցաւ «Մղձաւանջային Հալէպ»-ի:

Չգիտակցեցանք  աղէտին ուժգնութիւնը: Միամտօրէն հաւատացած էինք, որ քանի մը ամիսէն Հալէպ կը վերագտնէ իր բնականոն վիճակը:

Սխալած էինք:

 

***

 

Հալէպ կատարած «շրջապտոյտէս» կը վերադառնամ իրականութեան:

Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եմ դարձեալ: Տասնեակ մը կղերականներ եկեղեցւոյ խորանին առջեւ «Տէ՛ր, ողորմեա՛» կ՛երգեն սուրիահայ զոհերու հոգւոյն: Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցւոյ ամբողջ ժողովուրդը կը մասնակցի, եւ միասնաբար բոլորս կ՛երգենք «Տէր Ողորմեա»:

«Տէ՛ր, ողորմեա՛»:

Տէրը ե՞րբ պիտի ողորմի անմեղներու չարչարանքին:

«Տէ՛ր, ողորմեա՛»:

Յաճախ լսած եմ այս շարականը, սակայն այս անգամ, բոլորին սրտէն բխող «Տէ՛ր, ողորմեա՛»: մըն է: Այնքա՛ն յուզիչ:

Սի՛րտ ունեցիր ու մի՛ յուզուիր:

Մա՛րդ եղիր ու դիմացիր:

 

«Տէ՛ր, ողորմեա՛» երգողներէն շատերուն աչքերէն արցունք կը հոսի: Ո՞վ գիտէ, Հալէպը ձգելնուն «Վերջին կիրակին» եղած է, կամ … երկուշաբթին, հինգշաբթին: Ի՞նչ կարեւոր է, կիրակի՞, երկուշաբթի՞, թէ՞ հինգշաբթի:

Լիբանան ձգած օրս չեմ յիշեր թէ շաբթուան ո՞ր օրն էր, սակայն այդ օրը ինծի համար դարձած է «վերջին կիրակին»:

Մեծ թիւով հալէպահայեր, արդէն հաստատուած են «Ծովերէն անդին» ու կը յիշեն իրենց «Երազային Հալէպը»:

 

Հալէպէն անդին… ծովերէն անդին:

Մեր բարգաւաճ օրերու… վերջին կիրակին:

 

Լոս Անճելըս 2014

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • NEVART BARSAMIAN 9 years

    Հրաշալի երազ մըն էր, որուն մասնակից դարձուցիք մեզ ալ: Ապրեցայ Հալէպահայու կեանքս իր ամէն վերիվայրումներով: Այո, Հալէպահայ կեանքը ուրիշ է: Անմոռանալի եւ հեզահամբոյր, տաքուկ:Իսկ բոլոր ձեռնարկները Նաւասարդեան տօնակատարութեան նման փառահեղ անզուքական:
    Շնորհակալ ենք պարզ, սահուն եւ անկեղծ լեզուով ու մեկնաբանութեամբ հետադարձ ակնարկ մը շնորհելու համար: Գրիչդ անսպառ:
    Նուարդ Պարսամեան Ադամեան
    Մոնթրէալ, Գանատա

  • Disqus ( )