Նիւ Եորքի Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոնին Մէջ Բացուած Է 1,4 Միլիառ Տոլար Արժողութեամբ Առեւտուրի Կեդրոնը

1111_WTCՆիւ Եորքի մեծագոյն ստորգետնեայ մեթրոն կը բացուի վերականգնուած Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնին մէջ` ապահովելով կարեւոր կապը Մանհաթընի եւ քաղաքի միւս մասին միջեւ:

«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ քաղաքի փոխադրամիջոցներուն համար պատասխանատու իշխանութիւնները բացած են 1,4 միլիառ տոլար արժողութեամբ «Ֆալթըն» կեդրոնը` տարանցիկ համալիր, ուր զիրար կը խաչաձեւեն մեթրոյի 9 կայարաններու գիծերը:

Ըստ պաշտօնեաներու, տարանցիկ կեդրոնը, որ պիտի ծառայէ Մանհաթընի բնակչութեան, կը ներկայանայ ապակեայ եւ պողպատեայ կաղապարով ու լուսաւոր նախասրահով: Անիկա ունի 6000 քառակուսի մեթր տարածք` նախատեսուած խանութներու եւ գրասենեակներու համար: Կեդրոնը օրական պիտի սպասարկէ 300,000 ուղեւորի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )