Փեքինի Մէջ. Փութին-Օպամա Ոտքի Վրայ Հանդիպում

Օպամա եւ Փութին

Օպամա եւ Փութին

«Վզկլիատ» կը հաղորդէ, որ Փեքինի մէջ Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովի միջանցքներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահները երկու անգամ զրուցած են:

Ատիկա տեղի ունեցած է միացեալ լուսանկարի ժամանակ: Լուսանկարուելու համար հաւաքուած ղեկավարները ստիպուած եղած են քանի մը վայրկեան սպասելու, մինչեւ որ մօտենան նիստերու դահլիճին մէջ զրուցող Օպաման ու Փութինը: Անոնք նաեւ քալելու ընթացքին խօսած են:

Նիստէն առաջ նախագահները դարձեալ զրուցած են: Ըստ լրագրողներու, «ոտքի վրայ» հանդիպումը 7-8 վայրկեան տեւած է: Տեղեկութիւնը հաստատած է Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փեսքով յայտարարած է, որ Փեքինի մէջ վեհաժողովի ընթացքին Փութին քանի մը անգամ խօսած է ամերիկացի իր պաշտօնակիցին հետ:

Փեսքով նշած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները կարճատեւ զրոյց ունեցած են, սակայն քննարկած են թէ՛ երկկողմ յարաբերութիւնները, թէ՛ Սուրիոյ, Ուքրանիոյ եւ Իրանի հարցերը:

«Քանի մը անգամ դադարները օգտագործուած են նախագահ Օպամայի հետ կարճատեւ զրոյցներու համար: Անոնք կարճ տեւած են, սակայն երկու ղեկավարները խօսած են երկկողմ յարաբերութիւններու, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ եւ Իրանի մասին», ըսած է ան:

Վլատիմիր Փութին նաեւ կարճատեւ զրոյցներ ունեցած է Վիեթնամի եւ Ինտոնեզիոյ նախագահներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )