«Եգիպտոսի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Մարտի Աւարտէն Առաջ» Կ՛ըսէ Սիսի

Ապտել Ֆաթթահ Սիսի
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի գրասենեակը հաղորդեց, որ Սիսի Գահիրէ այցելած ամերիկացի գործարարներու պատուիրակութեան մը յայտնած է, թէ Եգիպտոսի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան նախքան մարտ 2015-ի աւարտը:
«Եգիպտոս յետ 3 յուլիսեան ընթացագիծին մէջ իր երրորդ մղոնաքարը պիտի իրագործէ… 2015-ի առաջին քառորդին նախատեսուած տնտեսական միջազգային խորհրդաժողովէն առաջ իր խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարելու», ըսած է ան:
Եգիպտոսի նոր սահմանադրութիւնը որդեգրուած էր յունուար 2014-ին, իսկ նախագահական ընտրութիւնը կատարուած էր մայիս 2014-ին:
Աւելի քան 60 ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայացուցիչներէն կազմուած ամերիկեան պատուիրակութիւնը կը գտնուի Եգիպտոս` քննարկելու համար երկրին մէջ ներդրումներու կարելիութիւնները:
Շուրջ 160 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը 2011-ի ըմբոստութենէն ի վեր Եգիպտոս այցելած ամերիկացի գործարարներու մեծագոյն պատուիրակութիւնն է:

