Ուքրանիոյ Նախագահը Յայտարարած Է Պատերազմը Դադրեցնելու Ցանկութեան Մասին

Փիոթըր Փորոշենքօ

Փիոթըր Փորոշենքօ

Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ «Թուիթըր»¬ի իր էջին վրայ գրած է, որ կ’ուզէ դադրեցնել պատերազմը եւ կանխարգիլել Համաշխարհային Գ. պատերազմը:

«Լենթա» կայքը կը մէջբերէ Փորոշենքոյի անգլերէն հետեւեալ գրառումը. «96 տարի առաջ աւարտած է Համաշխարհային Ա. պատերազմը: Ես կը փափաքիմ դադրեցնել մէկ այլ պատերազմ: Ես չեմ ուզեր որեւէ մէկուն կարելիութիւն տալ խելայեղօրէն Համաշխարհային Գ. պատերազմ սկսիլ»:

Դիմատետրի իր էջին վրայ ալ ան գրած է, որ այսօր Եւրոպայի մէջ ոչ ոք յաղթանակի օր կը նշէ, որովհետեւ պատերազմի մէջ չկան յաղթողներ եւ պարտուողներ, կան միայն երկու կողմերէն ալ ողջ մնացածներ:

Փորոշենքօ իր յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծած է, որ կը հաւատայ Ուքրանիոյ ճգնաժամի խաղաղ լուծման:

Share this Article
CATEGORIES