Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Քննարկէ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Խստացման Հարցը

Մոկերինի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յաջորդ շաբաթ պիտի քննարկեն Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու խստացման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ օգնելու հարցը:
«Յաջորդ շաբաթ մենք նախարարներու մակարդակով Պրիւքսէլի մէջ պիտի ունենանք հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկենք ոչ միայն պատժամիջոցներու խստացման, այլ նաեւ` այս դժուար ժամանակաշրջանին Ուքրանիոյ օգնելու հարցը», ըսած է ան` Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումէն ետք:
Նախապէս Մոկերինի յայտարարած էր, որ նոր պատժամիջոցներու հարցը պատրաստ է Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն մէջ քննարկուելու համար:

