ՏԱՀԵՇ Կ’ուզէ Իր Դրամանիշը Որդեգրել

1111_Money«Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալները կ’ուզեն որդեգրել իրենց սեփական դրամանիշը:

Ծայրայեղական իսլամները մտադիր են վերադարձնել տինարը, որ կ’օգտագործուէր իսլամութեան պատմութեան սկզբնական շրջանին: Ինչպէս միջնադարուն, մետաղադրամները պիտի ձուլուին մաքուր ոսկիէ եւ արծաթէ:

Լրատուամիջոցներուն տեղեկութիւններով` զինեալներուն կողմէ դրամանիշի սահմանման լուրերը յայտնուած են կայքերու վրայ` Մուսուլի եւ Նինուէի մզկիթներուն մէջ կրօնական ղեկավարներու յայտարարութիւններու յղումներով: Կ’ենթադրուի, որ տինարը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի Սուրիոյ եւ Իրաքի ՏԱՀԵՇ¬ի ենթակայ տարածքներուն մէջ:

Իսլամականները տակաւին չեն հաստատած լուրը:

Տինարը այժմ պաշտօնական դրամանիշ կը նկատուի Ալճերիոյ, Պահրէյնի, Իրանի, Իրաքի, Յորդանանի, Քուէյթի, Լիպիոյ եւ Թունուզի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES