Ապպաս Համասը Կ’ամբաստանէ Կազայի Մէջ Ֆաթհի Ղեկավարները Թիրախ Դարձնելու Յանցանքով

Մահմուտ Ապպաս

Մահմուտ Ապպաս

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ Եասեր Արաֆաթի մահուան տարելիցին նշման ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին Համաս շարժումը ամբաստանեց Կազայի մէջ Ֆաթհ շարժումի ղեկավարները թիրախ դարձնելու յանցանքով եւ նշեց. «Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ Համասի վարմունքները այն տպաւորութիւնը չեն ձգեր, թէ շարժումը հաշտութիւն եւ ազգային միասնութիւն կ’ուզէ»:

Ապպաս նաեւ ըսաւ, որ իսրայէլեան արարքները շրջանն ու աշխարհը կ’առաջնորդեն դէպի «կրօնական քանդիչ պատերազմ»: Ան ընդգծեց, որ Երուսաղէմը պիտի շարունակէ մնալ Պաղեստինի մայրաքաղաքը:

Համասի ղեկավարներէն Մոհամետ Քանարի` անդրադառնալով Ապպասի ամբաստանութեան, անոր կոչ ուղղեց անտեղի ամբաստանութիւն չուղղելու` նշելով, որ Համաս դատապարտեց Կազայի մէջ Ֆաթհի ղեկավարներուն բնակարանները թիրախ դարձնող ականահարումները:

Համասի մէկ այլ ղեկավար` Ահմետ Եուսեֆ իր կարգին յայտնեց, որ Համասի ապահովական մարմինները իսրայէլեան վերջին յարձակումէն մեծապէս վնասուեցան, ինչ որ Կազայի մէջ սաղմնային անիշխանութեան առաջնորդեց:

 

Share this Article
CATEGORIES