Ուաշինկթըն Կը Զօրակցի Տը Միսթուրայի Ծրագիրին

Ճեն Փսաքի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի` մեկնաբանելով Սուրիոյ յատուկ ՄԱԿ¬ի պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի ծրագիրին քննարկման արժանի ըլլալուն մասին Դամասկոսի յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Մենք անշուշտ կը զօրակցինք զինադադարին, որ սուրիացի քաղաքացիներուն իսկական մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ եւ մարդկայնականութեան սկզբունքներուն համահունչ է, ինչպէս նաեւ զօրավիգ կը կանգնինք մարդու կեանքը փրկելու որեւէ ջանքի, բան մը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի վարմունքին մէջ շրջադարձ կը նկատուի, սակայն մենք զինադադարի հաստատման մէջ Ասատի վարչակարգի պատմութեան ծանօթ ենք»` աւելցնելով, որ ատոր օրինակը տեսած են Հոմսի նման քաղաքներու մէջ:
«Տեղական շարք մը զինադադարներ, որոնք մինչեւ հիմա գոյացան, աւելի անձնատուութեան մօտիկ էին, քան իսկական ու մնայուն զինադադարի, որ համահունչ է մարդկայնական վերաբերմունքին», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, Տը Միսթուրա յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ լուծումը քաղաքական է, եւ պէտք է բոլորը առիթ փնտռեն բռնարարքները դադրեցնելու եւ մեղմացնելու համար»: Ան ընդգծեց. «Մենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական, խաղաղ լուծման եւ ոչ թէ զինուորականին կը հաւատանք»:
Իտալացի դիւանագէտը ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատումը կրնայ յաջողիլ, սակայն նշեց. «Խաղաղութեան ծրագիրի մասին խօսիլը փառատենչ եւ ապակողմնորոշող պիտի ըլլայ, սակայն գործնական քայլերու ծրագիր մը ունիմ»: Ան ըսաւ, որ այդ քայլերը կը սկսին գետնի վրայ կռիւները դադրեցնելով եւ բռնարարքները մեղմացնելով:

