Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Շեպաայի սահմանէն ոչ մէկ սուրիացի կրնայ Լիբանան մուտք գործել, ըլլայ ան վիրաւոր թէ առողջ: Հաշեմ հաստատեց, որ Լիբանանի շահերը միջազգային բոլոր շահերէն բարձր են:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու կարգ մը անդամներ կը հաւատան, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի ունեցած դերակատարութիւնը առնուած ճիշդ քայլ մըն է:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտարարեց, թէ ան մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութիւններ պիտի տրամադրէ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն: Ըստ հաղորդագրութեան, այդ օժանդակութիւնները պիտի բարձրանան 10 միլիոն եւրոյի, իսկ առողջապահութեան տրամադրուած գումարը` 2 միլիոն եւրոյի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ տեղի ունենայ հանդիպում մը` խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով անոնց միջեւ տարակարծութիւնները չէզոքացնելու համար:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Սաատ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուելիք երկխօսութիւնը յստակ չէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած վերջին յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ ան եւ քաղաքական անոր խմբաւորումը յուսալքուած են:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու առումով լուրջ ջանքեր ի գործ կը դրուին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին կողմէ Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ապտալլա Ռիֆայիի ձերբակալումը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարին վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հիասթափուած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ժողովրդականութեան արձանագրած նահանջէն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ տիւրզի համայնքը օր մը օրանց չեն ազդուած ժոմպլաթական ղեկավարութենէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն անդրադարձած է, որ նախագահական ընտրապայքարին մէջ վերջնականապէս պարտուած է եւ այդ պատճառով ալ ան ջղաձգումի հանգրուան մը կը դիմագրաւէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով երեսփոխանները լիբանանցիներուն կամքը անտեսած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս շեշտեց, որ ինը երեսփոխաններու կողմէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին մերժումը պատճառ մը չէ, որ երկարաձգումի որոշումը իր օրինականութիւնը կորսնցնէ:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարելու իմաստով կը տիրէ դրական մթնոլորտ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին կողմէ Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ապտալլա Ռիֆայիի ձերբակալումը առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը լուծելու իմաստով մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ տրամադրուած երկխօսութեան բոլոր հրաւէրները լաւ են եւ ուսումնասիրելի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւն կատարուի:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին կողմէ Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ապտալլա Ռիֆայիի ձերբակալումը չի կրնար նպաստել առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է իրենց կեցուածքները յստակացնեն հաւատադրժողական շարժումներուն նկատմամբ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւն կատարելուն եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան հաստատումին մէջ է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող դրական կացութիւնը պիտի յանգի նախագահական ընտրութեան հարցի լուծման:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով տիրող մթնոլորտը տակաւին ժխտական է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու ջանքերը մտած են բարդ հանգրուան մը:

