Հիւսէյնի Ընդունեց Ֆաթհ Ալին

Հիւսէյնի` Իրանի դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆաթհ Ալի բարձր գնահատեց Հիւսէյնիի ազգային կեցուածքները` անոր պաշտօնավարութեան ամբողջ հանգրուանին ընթացքին, աւելցնելով, որ Հիւսէյնիի հետ իր հանդիպումը եղած է բաւական շինիչ, յատկապէս նկատի ունենալով Դիմադրութեան նկատմամբ անոր զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գերագոյն շահերը իրականացնելու անոր մարմաջը:
Հիւսէյնի իր կարգին զգուշացուց շրջանին մէջ իսրայէլեան ախորժակներէն եւ սիոնական գոյացութենէն, որ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն, հարստութեան, ապագային եւ ճակատագիրին վտանգ կը սպառնայ:
Հիւսէյնի ընդգծեց շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ տապալել Իսրայէլի ախորժակները:

