Մուքպել – Աուտէ Եպիսկոպոս Հանդիպում

Մուքպել եւ Աուտէ եպիսկոպոս
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կացութեան վերաբերեալ:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին մատուցուած իրանեան նուիրատուութեան հարցը կառավարութեան յաջորդ նիստին պիտի չքննարկուի, որովհետեւ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը բաւական խճողուած է` տարբեր հարցերով:
Մուքպել յայտնեց, որ կառավարութիւնը յաջորդ շաբթուան ընթացքին գումարելիք իր նիստին պիտի քննարկէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութեան մանրամասնութիւնները:
Անդրադառնալով սէուտական օժանդակութեան` Մուքպել յայտնեց, որ իրենք մէկուկէս ամսուան ժամանակ ունին ֆրանսական բանակի հրամանատարութեան հետ գործակցելու եւ խորհրդակցելու լիբանանեան բանակին կարիքներուն շուրջ` աւելցնելով, որ սէուտական օժանդակութեամբ Լիբանանին տրամադրուելիք ֆրանսական զէնքն ու զինամթերքը չորս ամիս ետք Պէյրութ պիտի հասնին:
Իսկ Սէուտական Արաբիոյ տրամադրած մէկ միլիառ տոլարի զինուորական օժանդակութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մուքպել յայտնեց, որ անիկա արդէն Լիբանանի տրամադրութեան տակ կը գտնուի եւ բանակը` իր կարիքներուն համաձայն, որեւէ երկրէ կրնայ զէնքեր գնել:

