Բանակը Կը Շարունակէ Ձերբակալումներ Կատարել

lebanese-army-logoԼիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ բանակի զանազան զօրամասեր կը շարունակեն հետապնդել, հալածել ու ձերբակալել բանակին դէմ արձանագրուած զինեալ բախումներուն մեղսակիցներն ու ահաբեկչական արարքներ գործող յանցագործները:

Այս շրջագիծին մէջ, բանակը երէկ առաւօտեան ներխուժեց Աքքարի Թալ Ապպաս շրջանի սուրիացի տեղահանուածներուն գաղթակայանները եւ ձերբակալեց շարք մը կասկածելիներ:

Պէյրութի Քոլայի հրապարակին վրայ բանակը ձերբակալեց նաեւ երեք այլ սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած էին:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ Մոհամետ Ահմետ Նսուհ անձնատուր եղած է բանակին:

Share this Article
CATEGORIES