Պքերքէի Մէջ. «Պէտք Է Նախագահական Ընտրութիւն Կատարել» Շեշտեց Միշել Սլէյման

Զօր. Սլէյման եւ Ռայի պատրիարքը
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի հարցերը հիմնական կերպով լուծելու համար պէտք է նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ ոչ թէ երկարաձգումի կամ այլ միջոցներու դիմել` պատճառաբանելով անիշխանութեան հաւանականութիւնը:
Սլէյման յայտնեց, որ ոչ ոք պէտք է դժկամի խորհրդարան ուղղուելու` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով:
Ան ընդգծեց, որ պէտք է ամրապնդել Թաէֆի համաձայնագիրը` գործադրելով երկրին սահմանադրութիւնն ու «Պաապտայի յայտարարութիւնը»:
«Պետական կառոյցներու աշխատանքներուն արգելակումը հակաժողովրդավարական եւ հակասահմանադրական է», ըսաւ ան:
CATEGORIES Լիբանանեան

