Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տրամադրուած Օժանդակութիւններուն Կապուած Հարցեր

1111_foreign_affairs

Խորհրդարանական յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ  երեսփոխաններ Ֆարիտ Խազենի, Խտըր Հապիպի, Սելիմ Սալհապի, Ալի Պեզզիի, Նաուաֆ Մուսաուիի, Էլի Մարունիի, Ահմետ Ֆաթֆաթի, Ուալիտ Խուրիի եւ Եասին Ժապերի, քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուող օժանդակութիւններուն կապուած հարցեր:

Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ այս թղթածրարը կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի անդունդն ի վար գլորելու սեմին` մաղթելով, որ կառավարութիւնը այս թղթածրարին հարցով յանդուգն եւ լուրջ որոշումներ տայ:

Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է յստակ կերպով նուազեցնէ Լիբանան հաստատուած սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը:

Նիստին ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ բոլորին համար յստակ եւ հասկնալի պէտք է ըլլան Լիբանանի կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումները` սուրիացի տեղահանուածներուն առնչութեամբ:

Ան նշեց, որ պէտք չէ Լիբանանի ուսերուն աւելցնել քաղաքական այնպիսի բեռներ, զորս չի կրնար ան հանդուրժել:

 

Share this Article
CATEGORIES