Միւֆթի Տըրիան Այցելեց Շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ այցելեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Քապալան յայտնեց, որ իսլամները կոչուած են միասնականութեամբ համագործակցելու` ապահովելու համար Լիբանանի զարթօնքը եւ ամրապնդելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, որպէսզի երկիրը կարենայ պայքարիլ սիոնական գոյացութեան միւս երեսը նկատուող հաւատադրժողական կազմակերպութիւններուն դէմ:
Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան ընդգծեց իսլամական մակարդակի վրայ միասնականութեան մշակոյթը տարածելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանրապետութեան միւֆթին այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի:
Հանդիպումէն ետք միւֆթի Տըրիան եւ շէյխ Հասան շեշտեցին Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը անյապաղ կատարելու կարեւորութիւնը:

