Վարչապետ Սալամ Տապպուսիի Հետ Քննարկեց Լիբանանին Վերաբերող Բարգաւաճման Ծրագիրներ

Սալամ - Տապպուսի հանդիպումէն պահ մը

Սալամ – Տապպուսի հանդիպումէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Տնտեսական բարգաւաճման քուէյթեան սնտուկի ներկայացուցիչ Նաուաֆ Տապպուսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումները եւ յատկապէս երկրին վերաբերող բարգաւաճման ծրագիրները:

Այս շրջագիծին մէջ Տապպուսի շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով Լիբանանի կառավարութիւնը տեղեակ կը պահեն երկրին մէջ գործադրուած ծրագիրներուն մասին:

Ան հաստատեց, որ իրենք մեծաւ մասամբ յաջողած են հիւսիսային Լիբանանէն հարաւային Լիբանան, ներառեալ` Պէյրութ եւ Պեքաա բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրելու իմաստով եւ աւելցուց, որ իրենք վարչապետ Սալամի հետ հանդիպումներ կ՛ունենան անկէ ցուցմունքներ եւ խորհուրդներ ստանալու նպատակով:

Տապպուսի ընդգծեց, որ իրենց ծրագիրները կ՛ընդգրկեն նաեւ ըմպելի ջուր ապահովելու, կոյուղիներու ցանցեր հաստատելու եւ կրթութեան մարզին ամրապնդման վերաբերեալ պատկերացումի նախագիծեր:

Share this Article
CATEGORIES