«Համախմբումը Որոշեց Սահմանադրական Խորհուրդին Մօտ Բողոքարկել Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Որոշումը» Ըսաւ Իպրահիմ Քանաան
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը որոշած է Սահմանադրական խորհուրդին մօտ բողոքարկել խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը:
Քանաան կոչ ուղղեց Սահմանադրական խորհուրդին իր պարտականութիւնը կատարելու` առանց ընդառաջելու իր վրայ բանեցուող ճնշումներուն:
Քանաան յայտնեց, որ անիշխանութեան հարցը կը լուծուի միայն երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդմէջէն` վերադառնալով ժողովուրդին ձայնին, իսկ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը համազօր է երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին երկարաձգումին:
Քանաան ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը աւելի քան պարտաւորիչ է, «սակայն մենք կը փափաքինք, որ ընտրութիւն կատարուի եւ ոչ թէ նշանակում: Մեր իսկական պահանջը այն է, որ սահմանադրութեան թիւ 49-րդ յօդուածը բարեփոխուի եւ կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահը ուղղակի ժողովուրդին կողմէ ընտրել», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն պաշտպանելու իրենց իրաւունքները:

