Խորհրդարանի Նախագահը Քարամէի, Մախզումիի Եւ Սամմաքի Հետ Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Իրավիճակը

Քարամէ եւ Պըրրի

Քարամէ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նստաշրջանին պաշտօնավարութիւնը երկու տարի եւ եօթը ամիսով երկարաձգելու խորհրդարանին որոշումը երէկ լոյս տեսաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ տնտեսական կացութիւնը բաւական բարդ է եւ ապրուստը ճարելու իսկական դժուարութիւն կայ:

Քարամէ նշեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը Պըրրի կը մեկնաբանէ իբրեւ չարեաց փոքրագոյնը, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով: «Շրջանային եւ միջազգային առումով այս հանգրուանին արձանագրուած են այնպիսի զարգացումներ, որոնք կրնան իրենց դրական ազդեցութիւնը ունենալ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վրայ: Ասիկա Լիբանանի համար շինիչ է եւ անոր կրնայ վերադարձնել քաղաքական իր աշխուժութիւնը», ըսաւ ան:

Քարամէ նշեց նաեւ, որ իրենք քննարկած են Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս լիբանանեան բանակին նկատմամբ Թրիփոլիի քաղաքական բոլոր ուժերուն ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքը:

Ան մաղթեց, որ Թրիփոլիի մէջ սկսած ապահովական այս ծրագիրը գործադրուի եւ ապա շարունակուի բարգաւաճման ծրագիրով` հեռու մնալով սադրանքի տրամադրութիւններէն, պահպանելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի եւ Իսլամական-քրիստոնէական երկխօսութեան յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Սամմաք:

Նշենք նաեւ, որ Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն չկայ, այլ կան երկու փոքրամասնութիւններ, որոնցմէ մէկուն երբ Ժոմպլաթ միանայ, անիկա կը դառնայ մեծամասնութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES