Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Այցելած Է Ռազմափորձերու Միասնական Ղեկավարման Կէտ

111114MiasnutyunZoravarj-2014-InfoԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու  «Միասնութիւն-2014» միացեալ գործնական-մարտավարական ռազմափորձերու  միասնական ղեկավարման կէտ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան գերագոյն ընդհանուր հրամանատարը հետեւած է ռազմափորձերու ընթացքին, տուած է  համապատասխան ցուցմունք, այցելած է ռազմափորձերուն մասնակցող միաւորներու տեղակայման վայրեր:

Նախագահը ընդգծած է նման լայնածաւալ ռազմափորձերու կարեւորութիւնը հայկական զինեալ ուժերու մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման եւ շրջանին մէջ  կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման տեսանկիւններէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES