Նախագահ Սարգսեան Ողբերգական Արկածին Առիթով Ցաւակցական Ուղերձ Հրապարակեց

1111gumri-2Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցութիւն յայտնած է երկուշաբթի գիշեր Գիւմրի – Երեւան մայրուղիին վրայ պատահած ինքնաշարժի ողբերգական արկածին առիթով: Նշենք, որ արկածին հետեւանքով հրդեհ բռնկած է: Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` եօթը ուղեւոր զոհուած է, մնացածը մարմնական տարբեր աստիճանի վնասուածքներով եւ այրուածքներով տեղափոխուած են Գիւմրիի բժշկական կեդրոն:

«Խոր ցաւով տեղեկացայ Գիւմրի – Երեւան մայրուղիին վրայ պատահած ինքնաշարժի ողբերգական արկածին մասին, որուն զոհ դարձան անմեղ քաղաքացիներ: Այս ծանր պահուն բաժնելով զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն անսահման վիշտն ու ցաւը` անկեղծ զօրակցութիւն կը յայտնեմ անոնց, կը մաղթեմ համբերութիւն եւ տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», ըսուած է նախագահին ցաւակցական ուղերձին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ իրաւապահ մարմինները կը կատարեն դէպքին հանգամանքներուն  մանրակրկիտ  քննութիւն, կը պարզեն ողբերգութեան բոլոր պատճառները, եւ  մեղաւորները պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին օրէնքի ամբողջ խստութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES