ՀՅԴ-ն Պատրաստ Է Իշխանութիւններուն Հետ Գործակցելու 12 Կէտերուն Շուրջ

Fotor0912112158

                                                                                                                                                      Արծուիկ Մինասեան

Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան  կառավարութիւնը  ՀՅԴ-ին դիմէ ընդդիմութեան կողմէ ներկայացուած  12 կէտնոց պահանջներուն   վերաբերեալ ճամբու քարտես ստեղծելու հարցով, մենք պատրաստ կ՛ըլլանք քննարկելու այդ կէտերուն հանգրուանային իրագործման կարելիութիւնը: Այս մասին լրագրողներուն երէկ յայտնած է ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

Ըստ անոր, 12 կէտերուն ծիրին մէջ իրենք արդէն յաջողութեան հասած են «Նայիրիտ»-ի գծով, որովհետեւ խորհրդարանին մէջ պիտի ստեղծուի  քիմիական երբեմնի հսկայի հարցով ժամանակաւոր յանձնախումբ, որ պիտի զբաղի այդ գործարանի աշխատաւորներուն իրաւունքներով:  «Մեզ չի հետաքրքրեր, թէ կառավարութիւնը ի՛նչ ձեւաչափով կ՛իրականացնէ ներկայացուած 12 կէտերը: Կարեւոր չէ, թէ ո՛վ ինչպէս ատիկա կ՛ընէ. «զիջումներով», «ճնշումներով»: Անկեղծ խօսելով, ատիկա երկրորդական հարց է»,  ըսած է Մինասեան: Պատգամաւորը նաեւ ըսած է, որ ընդդիմութեան 12 կէտերուն վերաբերեալ կառավարութեան պատասխանը յիշեցուցած է շարժուն գծանկարի  հերոս Ուին Թեւատի վարքը:  «Մենք կ՛ակնկալենք, որ կառավարութիւնը կը փոխէ կեցուածքը երկխօսութեան ընթացքին»,  նշած է Արծուիկ Մինասեան:

Յովիկ Աբրահամեան

Յովիկ Աբրահամեան

Վարչապետը Անդրադարձած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Առաջարկին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան  «Արմէնփրես»-ին երկուշաբթի տուած զրոյցին մէջ անդրադառնալով ոչ իշխանական քառեակի 12 կէտերուն, յայտարարած էր. «Այս իրավիճակին մէջ, ես կը կարծեմ, որ ճիշդ կ՛ըլլայ եւ այդպիսի առաջարկ ես կառավարութեան ըրած եմ, որպէսզի կրկին անդրադառնան այդ փաստաթուղթին, կէտ առ կէտ քննարկեն այդ փաստաթուղթը եւ նշեն այն կարգ մը հոլովոյթները, որոնցմով պիտի իրականացնեն այդ կէտերը»:   Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, լրագրողներու հետ երէկ խօսելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի այս  յայտարարութեան մասին, ըսած է. «Մենք գրաւոր, մանրակրկիտ պատասխանած  ենք 12 կէտերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած  ենք քննարկելու, եթէ անհրաժեշտութիւնը զգացուի: Եթէ  անհրաժեշտութիւն ըլլայ, աւելի մանրամասն  բացատրութիւն կու տանք»:

 

Share this Article
CATEGORIES