Ազգային Ժողովի Նիստին Ընթացքին. «ՀՅԴ-ն, Այսուհանդերձ, Կողմ Պիտի Քուէարկէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման» Յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երէկուան նիստին ընթացքին, երբ կը քննարկուէր Ժառանգութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի որոշումի նախագիծը, ըստ որուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը կողմ պիտի քուէարկէ այդ որոշումի նախագիծին: Միաժամանակ, ան կարեւոր նկատած է, որ Արցախի անկախութեան ճանաչման գործին մէջ Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերը գործեն միասնաբար` անհրաժեշտ պահուն: Եւ այդ ծիրին մէջ, ըստ Ռուստամեանի, սխալ է հարցը անընդհատ արծարծելը, որովհետեւ աշխարհի մէջ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ Հայաստան չի ցանկար ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:
ՀՅԴ-ին Չի Բաւարարեր 2015-ի Պիւտճէն
ՀՅԴ խմբակցութեան չի բաւարարեր կառավարութեան ներկայացուցած` 2015 թուականի պիւտճէն: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ պիւտճէն չի բաւարարեր թէ՛ եկամուտներու, թէ՛ ծախսերու մասով: «Չեն բաւարարեր զարգացման այն կշռոյթները, որոնք կ՛արձանագրուին այս պիւտճէով, որովհետեւ սահմանափակ են թէ՛ կարելիութիւնները, թէ՛ աղբիւրները», ըսած է ան: Պատասխանելով հարցումին, թէ պիւտճէն իրատեսակա՞ն է, ինչպէս նշած էր վարչապետը, Արմէն Ռուստամեան նշեց. «իրատեսական` թերեւս, բայց ինչ որ կայ, չի բաւարարեր: Պիւտճէի եկամտային մասը կարեւոր պիտի ըլլայ, ատիկա բացարձակապէս չի բաւարարեր, անընդունելի պիւտճէ է»:

