Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հիւրընկալեց Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները

1111Sargsian_Karekin_AramՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ:

Նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` հանդիպումին ընթացքին քննարկուած  են պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի խնդիրներուն եւ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր:

«Հանրապետութեան նախագահը, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետները կարեւոր եւ հրամայական նկատած են հայոց պետութեան, եկեղեցւոյ եւ  հայ ժողովուրդին միասնաբար ծառայելը եւ ի նպաստ համազգային խնդիրներու լուծման` միասնաբար գործելը», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Դասը
Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

1111եպիսկոպոսաց-ժողովԵրեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ս. Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, սկսաւ Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը: Ժողովին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 76 արքեպիսկոպոսներէն ու եպիսկոպոսներէն կը մասնակցին 58-ը:

Բացման արարողութենէն առաջ հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը Մայր տաճարին մէջ մասնակցեցաւ գիշերային ժամերգութեան` Ս. Հոգիին առաջնորդութիւնը հայցելով ժողովի աշխատանքներուն արդիւնաւորման համար:

Ժողովը սկսաւ միասնական Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք բացման եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նախորդ Եպիսկոպոսաց ժողովի դիւանի համաատենապետ Խաժակ արք. Պարսամեան: Այնուհետեւ ներկաներուն իրենց պատգամները փոխանցեցին Գարեգին Բ. եւ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Եպիսկոպոսաց այս ժողովի օրակարգով մենք պիտի անդրադառնանք ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հռչակման արարողակարգին եւ ծիսական կանոնակարգին, Ս. Մկրտութեան խորհուրդի  բարեկարգեալ ծիսակարգին, որոնց շրջագիծին մէջ տակաւին կան վճռման կարօտ  շարք մը հարցեր: Ուրախալի է, որ օրակարգի վրայ է նաեւ Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման գործընթացի ձեռնարկումը: Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումով նաեւ պիտի շարունակուի դարերէ ի վեր մեր եկեղեցւոյ մէջ դադրած սրբադասման գործընթացը, իսկ  մկրտութեան կանոնի վաւերացումով` ծիսաարարողական միօրինակութիւնը եկեղեցական մեր անդաստանին մէջ»:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ես ամէն բանէ առաջ կ’ուզեմ ողջունել այս գեղեցիկ երեւոյթը մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, երբ մեր հայրապետական զոյգ աթոռներու եպիսկոպոսաց դասը քով-քովի եկած, միասնաբար եղբայրական ջերմ սիրով կը տագնապին, կը մտածեն ու կը փորձեն մեր եկեղեցւոյ ծառայութիւնը դարձնել աւելի ուժական, աւելի կենսունակ եւ ազդու: Պայմաններու բերումով, դարեր շարունակ մեր կաթողիկոսական երկու աթոռները մնացին իրարմէ հեռու, գործեցին տարբեր մարտահրաւէրներու, տագնապներու եւ պայմաններու մէջ ու դիմագրաւեցին տարբեր հարցեր. սակայն հիմա, հազար փառք Աստուծոյ, մեր աթոռները կոչուած են միասնաբար գործելու եւ միասնաբար ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին»:

Share this Article
CATEGORIES