Զոհրապեան. «Սարգսեանի Եւ Ծառուկեանի Հանդիպում Իսկապէս Տեղի Ունեցած Է»

1111_Sargsian_ZaroukianՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան  իսկապէս հանդիպած են: Երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռազմիկ Զոհրապեան:

«Յստակ չեմ կրնար ըսել, թէ ո՛ւր եղած է, ո՛ր օրը եւ որո՛ւն նախաձեռնութեամբ», ըսած է ան եւ նշած, որ մանրամասնութիւններուն տեղեակ չէ:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին  Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան, անդրադառնալով այդ հանդիպումին, նշած է. «Կրնան որեւէ պահու հանդիպիլ, որովհետեւ անոնք շատ յաճախակի կը հանդիպին, ի՞նչ պատահած է: Ենթադրենք հանդիպած են, բայց եթէ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ խօսած են, ի՞նչ կրնամ ըսել»:

Share this Article
CATEGORIES