Վերջին 10 Տարիներուն. Իպրահիմովիչ 9-րդ Անգամ Ըլլալով Շուէտի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ ընտրուեցաւ Շուէտի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Ան այսպիսով 2005-էն ի վեր տասը տարուան ընթացքին 9-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:
2006-ին ան այդ տիտղոսը զիջեցաւ Ֆրետի Եունկպերկին:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին ան ֆրանսական կազմին հետ կատարեց 51 մրցում` նշանակելով 45 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

