Ռոնալտօ Եւ Փեփէ Միացան Ազգային Խումբի Իրենց Խմբակիցներուն

1111_ronaldo-pepeՌէալ Մատրիտի ֆութպոլիստներ Փեփէ եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ երէկ միացան Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին իրենց խմբակիցներուն` պատրաստուելու համար 14 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Փորթուգալ – Հայաստան մրցումին (Եուրօ-2016):

Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը անոնց երկուքին արտօնութիւն տուաւ, որ քիչ մը ուշ միանան հաւաքականին` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքը նախանցեալ օր մասնակցեցան «Մարքա»-ի հանդիսաւոր արարողութեան:

ArmSport.am կ՛եզրափակէ նշելով, որ 18 նոյեմբերին Փորթուգալ բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Արժանթինի դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES