Եուրօ-2016. Պրունօ Ալվես. «Հայաստանի Հաւաքականը Կարծր Մրցակից Է»

1111_bruno-alvesArmSport.am հայկական լրատուական կայքը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կ՛անդրադառնայ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Պրունօ Ալվեսի կատարած մէկ յայտարարութեան, որ կը վերաբերի Փորթուգալ – Հայաստան մրցումին, որ կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:

Ալվես ըսած է. «Ասիկա ամէնէն կարեւոր մրցումն է մեզի համար: Եթէ յաղթենք, կը մնանք մեր խմբակին յառաջատարներուն հետ: Բայց Հայաստանի հաւաքականը կարծր մրցակից է, եւ անոնց խումբը բազմաթիւ խնդիրներ ստեղծած է մրցակիցներուն համար: Սակայն մենք նախ եւ առաջ ուշադրութիւն կը դարձնենք մեր խումբին ելոյթներուն: Պէտք է ցուցադրենք մեր լաւագոյն մրցումը եւ որակները` յաղթանակի հասնելու համար»:

Share this Article
CATEGORIES